Մայիս 29-ի իրիկունը, Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը Ժընեւէն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանի հետ։
Վեհափառ հայրապետին եւ Պատրիարքին խորհրդակցութեանց առանցքը հանդիսացած է Երուսաղէմի պատրիարքութեան պատկանող «Կովերու պարտէզ»-ին շուրջ վերջերս ծագած խնդիրը։ Հայրապետը Պատրիարքին ուշադրութեան յանձնած է այս հարցին՝ մեր ժողովուրդին եւ շրջանին հետ առնչութիւն ունեցող երկիրներուն պատճառած մտահոգութիւնը։
Պատրիարքը վստահեցուցած է Վեհափառ հայրապետին, որ «Կովերու պարտէզ»-ին շուրջ կայացած համաձայնութիւնը չեղեալ համարելու ուղղութեամբ արդէն իսկ սկսած է գործնական քայլերու դիմել։