Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արարատ Միրզոյեան եւ Ճեյհուն Պայրամով Մայիս 19-ին հանդիպում կ՚ունենան Մոսկուայի մէջ

Ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ, Մայիս 19-ին, Մոսկուայի մէջ հանդիպում կ՚ունենան Հայաստանի եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարներ՝ Միրզոյեան եւ Պայրամով։ Լուրը հաղորդած է Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Անի Բադալեան։

Յիշեցնենք, որ երկու նախարարները վերջերս քառօրեայ բանակցութիւններ վարեցին Ուաշինկթընի մէջ, ԱՄՆ-ու միջնորդութեամբ։