Շաբաթ, 13 Դեկտեմբերին, Երեւանի մշակութային կեանքին մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր դէպք մը։ Լիբանանահայ հռչակաւոր նկարիչ Հրայր Տիարպէքիրեանի տարբեր տարիներու աշխատանքները ներկայացնող «Արեւ» խորագրեալ անհատական ցուցահանդէսը իր դռները բացաւ կազմակերպութեամբ՝ Երեւանի Բինալ Արուեստի Հիմնադրամին (Yerevan Biennial Art Foundation «YBAF»), Լաթիթիւտ (Latitude art space) արուեստի սրահին մէջ։
Ցուցահանդէսը սկսաւ Լիւսի Թօփալեանի խօսքով: Լիւսին լիբանանահայ է, վեց տարիէ ի վեր հաստատուած է Երեւան: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն անցած է Քուէյթ, ուր 42 տարի մնացած է: Զանազան աշխատանքներէ ետք զբաղած է արուեստի գործերով. նախ իր տան մէջ հաւաքելով եւ ցուցադրելով տարբեր ազգերու նկարիչներու գործեր, ապա սեփականատէրը դարձած է «Արուեստի տուն» անունով կեդրոնի մը, ուր յաջորդաբար հիւրընկալած է աշխարհի տարբեր երկիրներէ նկարիչներ, անոնց աշխատանքները ծանօթացուցած է հանրութեան, հրաւիրուած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու, Տուպայի եւ այլ երկիրներու թանգարաններ, որպէս կազմակերպիչ արուեստի գործեր ցուցադրելու տարբեր ցուցասրահներու մէջ: Քուէյթի մէջ անոր հիւրընկալած արուեստագէտներէն էր նաեւ Հրայր Տիապէքիրեանը: Լիւսին հանգամանօրէն ներկայացուց արուեստագէտին անցած ամբողջ ուղին, կենսագրական մանրամասնութիւնները, թէ ինչպէ՛ս ան Պէյրութի արուեստի համալսարանին մէջ ուսանած տարիներուն մասնակցած է մրցումներու եւ առաջնութիւնը ձեռք ձգած է, ուրկէ սկսած է համբաւը հետզհետէ տարածուիլ աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ, ուր հետագային ունեցած է իր կտաւներուն ցուցադրութիւնը: Հրայրին կտաւները գնած են արաբ իշխաններ, շէյխեր, եւրոպացի թագուհիներ եւ այլ ակնառու մարդիկ:
Հանդիսութեան աւարտին Հրայր կենդանի նկարչական ներկայացում մը ունեցաւ, ուր ամբողջացուց նախապէս գծուած կիսաւարտ դեղնաւուն ձի մը: Ի միջի այլոց ձին կեդրոնական կերպարներէն է իր նկարչութեան մէջ։ Երբ հարցուցինք՝ «Ուրկէ՞ կու գայ ձիուն ազդեցութիւնը»,– պատասխանեց. – «Երբ Պրազիլիա կը գտնուէի 1970-ականներուն, շատ ընդարձակ ագարակներու մէջ կը բնակէր ժողովուրդը, իւրաքանչիւր ագարակ փոքր քաղաքի մը տարածութիւնը ունէր գրեթէ։ Ձիով սկսանք տեղէ տեղ երթալ, հոն է որ սիրեցի ձին։ Կենդանիներ շատ կը սիրեմ, բայց ձին իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ ներաշխարհիս մէջ»։
Կենդանի նկարչութենէն ետք տեղի ունեցաւ աճուրդ:
Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան արուեստագէտներ, հաւաքորդներ եւ բազմաթիւ արուեստի սիրահարներ, որոնք եկած էին ոգեւորելու արուեստագէտը եւ վայելելու անոր ստեղծագործութիւնները:
Ցուցահանդէսը կ’արտացոլացնէ նկարիչին խոր ներգրաւուածութիւնը լոյսի եւ ժառանգութեան նիւթերուն հետ։ Հրայրը իր «Արեւը» տարիներու հեռաւորութենէն բերած է Հայաստան։ Արուեստագէտին 24 ստեղծագործութիւնները կը ներկայացնեն անցեալէն մինչեւ այսօր անոր հարթած լուռ հասունութեան ճանապարհը։ Աշխատանքներ, ուր արեւը միայն նշան չէ, այլեւ՝ ուժ, յիշողութիւն, անհատին ներսը կուտակուած կեանքի լոյս։
Հրայրին առաջին ցուցադրութիւնն է Հայաստանի մէջ, «վերադարձ» հոն, ուր տարիներէ ի վեր կը պատկերացնէր ինքզինք։ Այլ խօսքով անհատին՝ իր արմատներուն հանդիպելու պատմութիւնն է։ ԱՐԵՒ-ը կը յենի լոյսի խորունկ խորհրդանիշին վրայ, ներքին կենսունակութեան եւ հոգեւոր վերելքի փոխյարաբերութիւնն է, որ կը սահմանէ Հրայրին գեղարուեստական տիեզերքը։
Ցուցահանդէսին ներկայացուած կտաւները կը կրեն արդի արուեստի վառ կնիքը՝ վառ գոյներ, ազատ վրձինի հարուածներ եւ անսպառ զգացումներ։ Ստեղծագործութիւններուն մէջ կը միաւորուին արեւելեան աւանդութիւնները արդի արուեստի միտումներուն հետ։
Ցուցահանդէսը բաց է հանրութեան եւ կը շարունակուի մինչեւ 15 Յունուար 2026։ Այցելուները կարելիութիւն կ’ունենան խորասուզուելու Հրայր Տիարպէքիրեանի գոյներու աշխարհին մէջ եւ բացայայտելու անոր արուեստին խորքերը, ինչպէս նաեւ գնելու զանոնք Հայաստանի համար շատ մատչելի գիներով։
Ա. Բ.-Ղ. ■