Արթուր Խաչատրեան ՀՅԴ-ի գործունէութեան արգիլման վտանգ կը տեսնէ՝ հակառակ վարչապետի յայտարարութեան

Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխան, «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութեան անդամ Արթուր Խաչատրեան իշխանութիւններուն կողմէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան փակման վտանգ կը տեսնէ՝ հակառակ վերջերս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, որ ինք անիմաստ կը գտնէ ՀՅԴի գործունէութիւնը արգիլել։ 

Խորհրդարանական ճեպազրոյցի ընթացքին այս մասին յայտնած է Խաչատրեան՝ անդրադառնալով վարչապետ Փաշինեանի յայտարարութեան, որ գործող կուսակցութիւններու մեծամասնութեան ղեկավար կազմը կը բաղկանայ 1-2 հոգիէ, իսկ ժողովուրդը տեղեակ չէ, թէ ի՞նչ կ՚անցնիկը դառնայ կուսակցական ժողովներու ընթացքին։

Այս ամէն ինչը ուղեկցուելու է Հայաստանում կուսակցութիւնները վերահսկելու, իսկ Դաշնակցութիւնը փակելուն ուղղուած գործողութիւններով,– ըսած է Խաչատրեան։  

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հոկտեմբեր 1-ին Ազգային ժողովին մէջ հարցումպատասխանի ընթացքին յայտարարած էր, որ Հայաստանի բոլոր կուսակցութիւնները պէտք է ըլլան թափանցիկ, համապատասխանեն ժողովրդավարական չափանիշերուն, ինչ որ հիմք պէտք է հանդիսանայ ընտրութիւններուն անոնց մասնակցելու կարելիութեան։ 

Անդրադառնալով Դաշնակցութիւնը փակելու ընդդիմադիրներու մտահոգութիւններուն, Նիկոլ Փաշինեան նշած էր, որ նման քայլ անիմաստ կը նկատէ ՀՅԴն փակելու իմաստը ո՞րն է, դուք ամէն օր փակում էք. սէնց մի քիչ էլ կը ձգի ու յաւերժ կը փակուի”,ընդգծած էր ան՝ պատասխանելով «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխան, ՀՅԴ անդամ Քրիստինէ Վարդանեանի հարցումին։