Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արման Թաթոյեան. «Արցախի պետական գործիչները ազատ արձակելու համար հարկ են քաղաքական ու իրաւական քայլեր»

Հայաստանի Մարդկային իրաւանց նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան Դիմագիրքի իր էջին կատարած է հետեւեալ գրառումը.

«Վերջին օրերուն Ազերպայճանի իշխանութեան կողմէ Արցախի նախկին եւ գործող առաջնորդներու, հանրային-պետական գործիչներու ազատազրկումներն ու առեւանգումները,– բացայայտօրէն անօրինական եւ բացարձակ կամայական,–  յանցաւոր արարքներ են:

Այս որոշումները բացառապէս պայմանաւորուած են Ազերպայճանի իշխանութեան հայատեաց ֆաշական քաղաքականութեան, վրէժի շարժառիթներով:

Արցախի նախագահները, Ազգային ժողովը, պետական միւս հաստատութիւնները կը խորհրդանշեն Արցախի պետականութիւնը, հայ ժողովուրդի անկոտրում ոգին ու մեր զարթօնքը, մեր իրաւունքներու համար արդար պայքարը:

Հետեւաբար, Պաքուի իշխանութիւնը այս անօրինական ազատազրկումներով ու քաղաքական հետապնդումներով իրեն համար ընդհանուր հարցեր կը լուծէ` նուաստացնել հայ ժողովուրդը, նսեմացնել մեր ազգային արժէքները, ոչնչացնել պայքարի ոգին ու մեր ինքնութիւնը, իբրեւ թէ ցոյց տալու իրենց ժողովուրդին առաւելութիւնները հայ ժողովուրդի ազգային ու անձնական արժանապատւութիւնը նուաստացնելու հաշուոյն:

Ակնյայտ է, որ Ալիեւի իշխանութիւնը յատուկ նոյն այս նպատակներով ալ հրապարակած է անոնց բոլորին ազատազրկման ու հետապնդման տեսանիւթերն ու լուսանկարները:

Հետեւաբար, ազերպայճանական անօրինական գերութենէ անոնց ազատ արձակումը  բոլորիս խնդիրն է: Հայաստանի իշխանութիւնը ունի՛ բոլոր քայլերը գործադրելու իրաւական ուղղակի պարտաւորութիւն` անօրինական հետապնդումներէ մեր հայրենակիցները ազատելու համար:

Ինչպէս արդէն ըսած եմ, անոնց ազատ արձակումը ձեռք ձգելու համար Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին դիմելը անհրաժեշտ է, բայց ոչ՝ բաւարար. ատոր  համար հարկ են քաղաքական ու իրաւական քայլեր»: