Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արմէն Գրիգորեան չէ հերքած, թէ Փաշինեան կը պատրաստուի Թուրքիա այցելելու

 

Յունիս 13-ին, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան «Ազատութիւն» լրասփիւռի հարցումին ի պատասխան չէ հերքած, որ յառաջիկային վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի մեկնի Թուրքիա՝ հանդիպելու նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրղողանի:

“Հայաստանի համար Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը մեր օրակարգային առաջնահերթութիւններէն է եւ մենք կ՚աշխատինք այդ ուղղութեամբ, որպէսզի բացուի նաեւ Թուրքիոյ հետ սահմանը”,– նշած է ան։

Հանդիպման օրակարգին մասին Գրիգորեան որեւէ տեղեկութիւն չէ հաղորդած։ Ինչ կը վերաբերի այցելութեան օրուան՝ ան ըսած է, թէ վարչապետին աշխատակազմը տեղեակ կը պահէ հանրութիւնը։

Նշենք, թէ նախորդ օր 24 News տեղեկացուցած էր, թէ Փաշինեան Յունիս 20-ին կը մեկնի Անգարա, ուր նախատեսուած է հանդիպում Թուրքիոյ նախագահին հետ։