Հայաստանի ազգային շարժարուեստի կեդրոնէն կը տեղեկացնեն, թէ «Օսքար»-ի 95-րդ մրցանակաբաշխութեան «լաւագոյն օտարալեզու ֆիլմ» անուանակարգին մէջ առաջարկուելու համար ընտրուած է «Արշալոյսի լուսաբացը» վաւերագրական-կենդանապատկեր (animation) ժապաւէնը։

Ան ստեղծուած է Զօրեան հիմնարկի գիտական աջակցութեամբ եւ Հայոց ցեղասպանութեան բանաւոր պատմութեան արխիւի հիման վրայ։ Արշալոյս Մարտիկեանի (Աւրորա Մարտիկանեան) պատմութիւնն է։ 14-ամեայ դեռատի աղջիկը երկու տարի դիմակայելով Եղեռնի ոճրագործութիւններուն, գերութեան, հարեմներուն ու հալածանքներուն, իր կամքի ուժի, խելամտութեան եւ անդրդուելի վճռականութեան շնորհիւ՝ 1917-ին կը փրկուի եւ ապաստան կը գտնէ Միացեալ Նահանգներու մէջ։
«Արշալոյսի լուսաբացը» ֆիլմը կը պատմէ աղջնակին հերոսական պատմութիւնը անոր եզակի երկու վաւերագրական հարցազրոյցներու, համր ֆիլմի պահպանուած կտորներու եւ կենդանապատկեր գեղագիտական լուծումներու համադրութեամբ: