Արցախ մնացած հայը կրակ բացած է ազերպայճանցի ոստիկաններու վրայ՝ անտառը պահած զէնքով

Ազերպայճանական լրասփիւռները կը հաղորդեն, որ Արցախի բնակիչ Կարէն Ավանէսեան ձերբակալուած է Ստեփանակերտի մէջ։ Ըստ հրապարակուած տեղեկութիւններուն, ան զինուած եղած է Քալաշնիքով գնդացիրով, չորս լիցքաւորուած պահեստատուփով եւ հինգ նռնակով։

Կը հաղորդուի, որ ձերբակալման պահուն Ավանէսեան ձեռքի երեք նռնակ արձակած է ոստիկաններու ուղղութեամբ եւ կրակ բացած է գնդացիրով։ Դէպքին առթիւ յարուցուած է քրէական գործ, ընթացքի մէջ է նախաքննութիւնը։

Նոյնպէս՝ համաձայն ազերպայճանական աղբիւրներու, Ստեփանակերտի հայազգի 58-ամեայ բնակիչ Կարէն Ավանէսեան տունէն դուրս ելած է եւ ուղղուած դէպի քաղաքի մօտակայքը գտնուող անտառային տարածք։ Ան առած է հոն նախապէս իր պահած Քալաշնիքովը, չորս պահեստատուփ եւ հինգ նռնակ՝ փորձելով մօտենալ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցող միջոցառման վայրին, սակայն ոստիկանութիւնը ձերբակալած է զինք։