Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՐՑԱԽ. Նախագահ Յարութիւնեան մասնակցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած երթին

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Ապրիլ 23-ին երրորդ նախագահ Բակօ Սահակեանի ու Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի հետ մասնակցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ջահերով երթին:

Ջահերով երթ նաեւ Աղաւնոյի մէջ

Ազերպայճանի զինեալ ուժերու կողմէ բռնագրաւուած Քաշաթաղի շրջանի հայաբնակ Աղաւնոյի մէջ եւս Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի նախօրեակին ջահերով երթ կազմակերպուած է։

Մասնակից բնակիչներն ու երախաները պարզած են «Ո՛չ թրքացմանը», «Յիշում ենք ու պահանջում» եւ այլ գրութիւններով ցուցապաստառներ։