Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախեան շարժումին 36-ամեակին առիթով՝ Սամուէլ Շահրամանեան Արցախի այլ պաշտօնատարներուն հետ յարգանքի տուրք մատուցած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ

Փետրուար 20-ին, Արցախեան շարժումին 36-ամեակին առիթով, Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ, նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունցի, Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի, Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Սերգեյ Ղազարեանի, արցախցի այլ պաշտօնատարներուն հետ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է հայրենիքի համար իրենց կեանքը զոհած ազատամարտիկներու յիշատակին։

Սամուէլ Շահրամանեան տեղւոյն վրայ ներկայ լրագրողներու հարցումներուն չէ պատասխանած եւ լուռ հեռացած է։