Կը կատարուի այն՝ ինչ կ՚ակնկալուէր. Ազէրպայճանը, օգտուելով Ուքրաինայի հարցին վրայ աշխարհի ուշադրութեան կեդրոնացումէն, քայլեր կը կատարէ աւարտին հասցնելու իր հակահայ ծրագրերը, որոնք իրականացնելու նորագոյն հանգրուանը սկսաւ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմով։
Միաժամանակ, վերջին ամիսներուն նկատելի էին 2020 թուականի Նոյեմբեր 9/10-ի եռակողմ յայտարարութեամբ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ ուժերու առաքելութիւնը խոչընդոտող գործողութիւններ Ազէրպայճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ:
Արտասովոր ցուրտ եղանակի այս օրերուն Արցախի կազատամատակարարման խափանումով եւ Փառուխ գիւղ ու յարակից տարածքներ ներխուժումով Ազէրպայճան կը հետապնդէ Արցախը հայաթափելու իր անթաքոյց ծրագիրը։
Այս ծանր օրերուն, անհրաժեշտ է ամէնուրեք համազգային ուժերով դիմադրել Ազէրպայճանի եւ Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութեան։
Առ այդ, անհրաժեշտ է.
ա) Դիմել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահող պետութիւններուն՝ պահանջելով որ չ՚անտեսեն Արցախի —եւ Հայաստանի Հանրապետութեան— դէմ Ազէրպայճան-Թուրքիա դաշինքի հակահայ քաղաքականութիւնն ու քայլերը։
բ) Ազէրպայճանի եւ Թուրքիոյ դէմ բողոքի տարաբնոյթ գործողութիւններով՝ հրաւիրել քաղաքական շրջանակներու եւ հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը նոր թափ առած հակահայ այս քաղաքականութեան վրայ։
Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմէն կը պահանջենք ապահովել թշնամի ուժերու իրենց ելման կէտեր վերադարձը եւ խաղաղութեան պահպանումը։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կանգնած է Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի կողքին եւ պատրաստ է անոր աջակցելու հնարաւոր բոլոր միջոցներով, որպէսզի Պաշտպանութեան բանակը կարենայ իրականացնել՝ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը ապահովելու իր պատասխանատւութիւնը։
Ազէրպէյճան-Թուրքիա դաշինքի հակահայ քաղաքականութիւնը չի կրնար մնալ առանց արձագանգի. այս քաղաքականութեան հետեւանքներու ամբողջ պատասխանատւութիւնը կը կրեն այդ երկու պետութիւնները։
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԲԻՒՐՕ
2022 Մարտ 25