Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախէն Ուքրաինա 14 թոն մարդասիրական օգնութիւն փոխադրուած է

Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան նախաձեռնութեամբ եւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի միջոցով Ուքրաինայի Քիեւի և Զափորոժիէի շրջաններու բնակիչներուն 14 թոն մարդասիրական օգնութիւն ղրկուած է։ Օժանդակութիւնը կը պարունակէ տեղական արտադրութեան առաջին անհրաժեշտ ապրանքներ:

ԹԱՍՍ գործակալութեան համաձայն՝ լուրը հաղորդած է Ռուսաստանի պաշտպանութեան կառավարման ազգային կեդրոնի ղեկավար Միխայիլ Միզինցեւ։