Արցախի Անկախութեան օրուան նուիրուած հանրահաւաք

«Վերադարձ Արցախ լինելու է»

Սեպտեմբեր 2-ին, «Ազատութիւն» հրապարակին վրայ տեղի ունեցած է հանրահաւաք՝ նուիրուած Արցախի անկախութեան, «Վերադարձ» բնաբանով, հազարաւոր հայորդիներու մասնակցութեամբ։

Հանրահաւաքը սկսած է Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու փառերգերով: Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան նպատակին իրենց կեանքը նուիրած հերոսներու յիշատակը:

Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Անդրէաս քահանայ Թաւադեանի Տէրունական աղօթքէն ետք, ելոյթներ ունեցած են Արցախի Պետական նախարար Նժդեհ Իսկանդարեան, «Քաղաքական իրաւունքներու հայկական կեդրոնի» անդամ Նարէ Սիմոնեան, բժիշկ Հենրիկ Մարգարեան, Արցախի Ազգային ժողովի «Արդարութիւն» խմբակցութեան երեսփոխան Մետաքսէ Յակոբեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան:

Հանրահաւաքին ցուցադրուած է հատուած մը նոյն օրը տեղի ունեցած «Արցախ․ չկարգաւորուած հակամարտութիւն, վերադարձի իրաւունք» միջազգային խորհրդաժողովէն:

“Արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը կը լինեն, երբ իմ ուղերձը կամ Ազգային ժողովի յայտարարութիւնը ես կարելիութիւն կ՚ունենամ կարդալու Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակից”,– իր ելոյթին նշած է Մետաքսէ Յակոբեան։

“Մեզ կարող են կալանաւորել, հալածել, բռնաճնշումների ենթարկել, բայց քանի դեռ հայը կանգուն է, ապա Արցախի հարցը փակուած չէ”,– ընդգծած է ան։

“Մեր իրաւունքներից ու շահերից հրաժարուելը առանց յստակ երաշխաւորուած հրադադարի կը յանգեցնի հայոց ինքնութեան եւ հայոց պետականութեան կորուստին, որ թուրք-ադրբեջանական երկեակը համարում է փանթուրքիզմի ծրագրի իրականացման հիմնական խոչընդոտը։ Ներկայի քաղաքականութիւնը Հայաստանի թուրքացման սպառնալիք է պարունակում”,– իր խօսքին մէջ յայտարարած է Ռուստամեան։

Հանրահաւաքի աւարտին հայրենասիրական երգերու կատարումով հանդէս եկած է Ներսիկ Իսպիրեան: