Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի կորուսեալ տարածքները ներկայացնող «Յիշողութեան ուժը» լուսանկարչական ալպոմի շնորհահանդէսը

Նոյեմբեր 15-ին, Ստեփանակերտի «Վահրամ Փափազեան» պետական թատրոնի շէնքին մէջ տեղի ունեցած է Սեւակ Ասրեանի «Յիշողութեան ուժը» լուսանկարներու ալպոմի շնորհահանդէսը եւ նոյնանուն ցուցահանդէսին փակման արարողութիւնը:

«Արցախփրէս»-ի թղթակցին համաձայն՝ 100 էջնոց ալպոմէն ցուցահանդէսին ներկայացուած է 44 լուսանկար՝ արցախեան բռնագրաւուած տարածքներէն, քարտէսներ, 192 կորսուած բնակավայրերու  ցանկը, 44-օրեայ պատերազմի եւ Արցախի երեք հազար տարուան համառօտ պատմութիւնը։

«reArménia» համագործակցութեան հարթակի տնօրէն Գէորգ Պօղոսեանի համաձայն՝ յիշողութեան ուժը ցոլացուած է արժէքներու մէջ, զորս պահելով պէտք է դիմել գործնական քայլերու:

Ցուցահանդէսը Ստեփանակերտէն յետոյ պիտի շարունակուի տարբեր վայրեր՝ դառնալով Արցախը ներկայացնող մասնիկ մը ամբողջ հայութեան շրջանակին մէջ:

Այնուհետև  «Ինքնութեան պաշտպանութիւնը 21 դարուն» նիւթով բանախօսած է «Արեւահովիտ» հիմնադրամի հիմնադիր Վանօ Դադայեան՝ կարեւոր նկատելով ինքնութեան նշանակութեան գիտակցութիւնն ու  ներկայի ընելիքները:

«Յիշողութեան ուժը» ծրագրի հեղինակ, արցախեան երեք պատերազմներու մասնակից, լուսանկարիչ Սեւակ Ասրեանը տպաւորած են Արցախցիներու յոյզերը՝ թշնամիի տիրապետութեան տակ անցած տարածքներու լուսանկարները դիտելու ընթացքին:

“Այդ յոյզերը եւս հնարաւորութիւն են՝ միշտ վառ պահելու հայրենիքի կորսուած  հատուածի մասին յիշողութիւնը”,– ըսած է արուեստագէտը։

Ձեռնարկի ընթացքին նշուած է, որ «Յիշողութեան ուժը» լուսանկարչական  ալպոմի վաճառքէն գոյացած հասոյթը կը նուիրուի Արցախի զարգացման ծրագրերու իրագործման: