Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի նախագահի մամլոյ ասուլիսը՝ ֆրանսական լրասփիւռներուն հետ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Դեկտեմբեր 7-ի առաւօտեան Փարիզի մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ներկայ էին ֆրանսական  շուրջ երկու տասնեակ նշանաւոր լրասփիւռներու թղթակիցներ:

Արցախի նախագահը ներկայացուց Ֆրանսա կատարած այցին նպատակները, նշեց Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ Ազերպայճանի կողմէ պարբերաբար եւ յաճախակի դարձած յարձակողական վարքի դրսեւորումները, հետեւողական կերպով մարդասիրական խնդիրներու ստեղծումը, թուարկելով այն սպառնալիքները, որոնք լուրջ վտանգ կը ներկայացնեն իր սեփական հայրենիքին մէջ ապրող Արցախի ժողովուրդի գոյութեան համար: Նախագահը յայտնեց, որ Ֆրանսայի միջոցով կ՚ուզէ ուղերձ յղել եւրոպական բոլոր պետութիւններուն, որ միջոցներու ձեռնարկեն կանխելու Ազերպայճանի վերոնշեալ սանձարձակ կեցուածքը, որուն աներկբայ  կը սատարէ Թուրքիան:

“Մենք կը հասկնանք, որ Ազերպայճանի հետ Եւրոպան ունի քարիւղի եւ կազի շահեր, սակայն մենք կը յորդորենք յարգել մեր ժողովուրդի ինքնորոշման ու գոյութեան իրաւունքները եւ առկայ գործիքակազմերով թոյլ չտալ Ազերպայճանի ցեղասպանական ու ծաւալապաշտական քաղաքականութեան իրականացումը: Այս իմաստով տեղին է նշել նաեւ վերջին երկու տարիներու ընթացքին Ազերպայճանի՝  ո՛չ միայն Արցախի, այլեւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ գործած յարձակումներն ու Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու բռնագրաւումը”,– ընդգծած է Արայիկ Յարութիւնեան։ Ան պատասխանած է լրագրողներու զանազան բնոյթի հարցումներուն։

Նշենք, թէ Արցախի նախագահը առանձին հարցազրոյցներ ունեցած է նաև «Ֆրանսփրէս» պետական լրատու գործակալութեան եւ «France-24» հեռատեսիլին հետ: