Արցախի Հանրապետության նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ֆրանսայի ՀՅԴ ներկայացուցիչներուն հետ:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Մուրատ Փափազեանի եւ Յովսէփ Տէր-Գէորգեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումին քննարկուեցան Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, Արցախ-Սփիւռք համագործակցութեան, տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր:
Արցախի նախագահը օգտակար համարելով նման հանդիպումները՝ գնահատեց ՀՅԴ-ի ներդրումը Արցախի զարգացման, հզօրացման եւ համազգային խնդիրներու լուծման հոլովոյթին մէջ: