Արցախի տեղեկատուական կեդրոնի Մարտ 28-ին տարածած հաղորդագրութենէն կ՚իմանանք, թէ Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղը այժմ կը գտնուի Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան գօտիին մէջ։
ԱՀ տեղեկատուական կեդրոնին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ շնորհիւ Արցախի զինեալ ուժերու խիզախ ջանքերուն՝ հայկական կողմը յաջողած է կասեցնել ազէրպայճանական ուժերու յառաջխաղացքը և տիրապետել Քարագլուխ լեռան հիմնական բաժինին։
Ազէրպայճանական զօրքերը կը շարունակեն մնալ Քարագլուխի մէկ այլ հատուածի դիրքերուն վրայ։
Ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ աշխատանքները կը շարունակուին, որպէսզի ազէրպայճանական կողմը վերադառնայ իր նախկին դիրքերը։