Աւարտած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը

Նոյեմբեր 4-7, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին, տեղի ունեցած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովը։

Ժողովի ընթացքին անդամները աղօթած են նորոգ հանգուցեալ Տ. Գիսակ արք. Մուրադեանի հոգւոյն համար եւ քննարկած Հայաստանի, Արցախի եւ Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած շարք մը կարեւոր հարցեր։

Ժողովի գլխաւոր բնաբաններն ու որոշումները

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը քննարկած է բազմաթիւ հարցեր, որոնցմէ գլխաւորներն էին.

Եկեղեցականներու դէմ դատական հետապնդումները, եկեղեցին թիրախաւորող դէպքերը. Միքայէլ արքԱջապահեանի, Բագրատ արքԳալստանեանիՄկրտիչ եպիսկՊռոշեանիԳարեգին քհնյ Արսէնեանիազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանի եւ «ապօրինաբար ազատազրկուած միւս հայորդիներու նկատմամբ նախաձեռնուած քրէական վարոյթներուիրականացուած դատավարական գործողութիւններուկայացուած դատավճիռիանոնց իրաւական անհիմն եւ խտրական բնոյթիմիջազգային հարթակներու վրայ եկեղեցւոյ ու եկեղեցականներու իրաւունքներու պաշտպանութեանազատ խօսքի եւ այլախոհութեան նկատմամբ անհանդուրժողականութեան ու տեղեկատուական դաշտի մէջ եկեղեցին եւ եկեղեցականները թիրախաւորելու յաճախացող դէպքերու մասին» զեկոյցներով հանդէս եկած են իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածու (ի.գ.թ.) Արա Զօհրապեանիրաւաբանմիջազգային փորձագէտ Արա Ղազարեանփաստաբաններ Արամ ՎարդեւանեանՅովհաննէս Խուդոյեան եւ ի.գ.թԱրման Թաթոյեան։

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը խստօրէն դատապարտած է «եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու իրաւունքներու նկատմամբ գործուող բացայայտ ապօրինի ոտնձգութիւններն ու ճնշումներըինչպէս նաեւ հակաեկեղեցական հռետորաբանութեամբ ատելութեան խօսքի ու անհանդուրժողականութեան տարածումը»՝ ընդգծելովոր նման երեւոյթները կը խաթարեն թէ՛ խղճի ու խօսքի ազատութեան սկզբունքըթէ՛ ալ հանրային համերաշխութիւնը։ Արձանագրուած է նաեւոր «եկեղեցականներուն առաջադրուած մեղադրանքները եւ խափանման միջոցները հիմնուած են ոչ իրաւաչափ փաստերու վրայ եւ կը հակասեն արդար դատաքննութեան իրաւունքի ու անձի ազատութեան սահմանափակման միջազգային չափանիշերուն»։

Խորհուրդը վերահաստատած է արդարադատութեան հաստատման աջակցելու եւ եկեղեցւոյ սպասաւորներուն ու հաւատացեալ ժողովուրդի իրաւունքները պաշտպանելու՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիրքորոշումը։ Վերստին կոչ ըրած է իրաւապահ մարմիններուն «յանուն արդարութեան դադրեցնելու ապօրինի քրէական վարոյթները եւ ազատ արձակելու ազատազրկուած հոգեւորականներն ու քաղաքացիական անձերը»։ Անհրաժեշտ նկատուած է նաեւ «Յովհաննավանքի նկատմամբ Մայր Աթոռի իրաւունքներու եւ ծիսաարարողական կեանքի վերականգնմանհաւատացեալներու հոգեւորկանոնական կեանքի պաշտպանութեան ու եկեղեցականներու բնականոն ծառայութեան ապահովման ուղղուած քայլերը»։

Պաքուի գերիները. Քննարկուած են Պաքուի մէջ պահուող հայ զինուորական եւ քաղաքացիական անձերու դէմ «դատավարութիւնները»։ Ընդգծուած է, որ ատոնք կապ չունին արդարադատութեան հետ եւ կը հակասեն միջազգային մարդասիրական իրաւունքին։

Արցախի ժառանգութիւնը. Զեկուցուած է Արցախի հոգեւորմշակութային ժառանգութեան դէմ Ազերպայճանի տարած «համակարգուած քաղաքականութեան» մասին, որ կը նպատակադրէ ջնջել հայկական ինքնութեան հետքերը։

Պատմութեան դասագիրքեր. Մտահոգութիւն յայտնուած է հանրակրթական ծրագրերուն եւ Հայոց պատմութեան դասագիրքերուն մէջ տեղ գտած «աղճատումներուն» ու պատմական իրադարձութիւններու խեղաթիւրման առնչութեամբ, որոնք կը նսեմացնեն եկեղեցւոյ պատմական դերը։

Ներքին որոշումներ. Որոշուած է յանձնախումբեր կազմել երկու հարցով.

    1. Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի վախճանման 1700-ամեակին նուիրուած միջոցառումներու կազմակերպման
    2. Կոմիտաս վարդապետի սրբադասման հարցի քննարկման։

Ժողովը փակուած է Ամենայն հայոց կաթողիկոսի օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքով։