Մայիս 11-էն 14 Մայր Աթոռի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերու գրասենեակի Աւստրիոյ կոմիտէն՝ դոկտ. Եասմին Տում-Թրակութի ղեկավարութեամբ, Կեդրոնական Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակութեան հովանիին տակ, կազմակերպած է Արցախի հոգեւոր ժառանգութեան նուիրուած միջազգային գիտաժողով։
Գիտաժողովի շրջածիրին մէջ՝ Մայիս 11–ին, Աւստրիոյ Սալցպուրկ քաղաքին մէջ բացուած է «Մշակոյթը հակամարտութեան մէջ, Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը» խորագրով ցուցահանդէսը, որուն ընթացքին տեղի ունեցած է նաեւ «Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութիւն» (անգլերէն) գիրքին շնորհահանդէսը։ Գիրքը հրատարակուած է Մայր Աթոռի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերու գրասենեակին նախաձեռնութեամբ:
Ձեռնարկին ներկայ եղած է Սալցպուրկի արքեպիսկոպոս Ֆրանց Լաքնըր, Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Շուէտի Հայրապետական պատուիրակ Տիրան եպիսկոպոս Պետրոսեան, ԱՄՆ-ու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերու գրասենեակի տնօրէն Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան։
Ելոյթ ունենալով ներկաներուն ողջոյնի խօսք յղած է Արցախի թեմի առաջնորդը, որ ներկայացուցած է Արցախի հայկական ժառանգութեան պատմութիւնը եւ Ազերպայճանի կողմէ բռնագրաւուած շրջաններուն մէջ մնացած հայկական պատմական, հոգեւոր–մշակությաին յուշարձաններուն իրավիճակը։
Զեկոյցներով հանդէս եկած են նաեւ Յովնան արք. Տէրտէրեան եւ Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան։
Մայիս 13-14-ին, Վիեննայի թանգարանին մէջ (Weltmuseum Wien) տեղի ունեցած է Արցախի հոգեւոր ժառանգութեան նուիրուած միջազգային գիտաժողովը։