Ապրիլ 13–14, Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորութեամբ, Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած է Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ հաւատարմագրուած Հայաստանի դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներու նիստը։
Նիստի ընթացքին քննարկուած եւ տեսակէտներ փոխանակուած են շրջանային եւ միջազգային զարգացումներու շուրջ։
Նախարար Միրզոյեան ներկայացուցած է դրացի երկիրներու հետ յարաբերութիւններու բարելաւման հոլովոյթներուն վերջին զարգացումները։
Քննարկումները նաեւ ընդգրկած են տարբեր ուղղութիւններով գործընկերութիւններու զարգացման շարունակական ջանքերը, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան հետ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։