Վիեննայի Պելվետեր թանգարանի պատկերասրահը, 300 տարուան մէջ, առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայացնէ ոչ-աւստրիացի եւ աւստրական արուեստին հետ կապ չունեցող նկարիչներու գործերը։ Լուրը հաղորդուած է պատկերասրահին պաշտօնական կայքին վրայ՝ https://hyperallergic.com/709339/belvedere
Հոն կը ցուցադրուին հայ նկարիչ Յակոբ Յովնաթանեանի, ինչպէս նաեւ ինտոնեզիացի Ռատէն Սալեհի եւ թուրք Օսման Համտի պէյի նկարները։
Յովնաթանեանի գործերէն կը ցուցադրուի «Նասեր էդ-Տին, Պարսկաստանի շահը» գործը, զոր նկարիչը նուիրած է Աւստրիոյ կայսր Ֆրանց Ժոզէֆ Ա.ին, 1861-ին։ Նկարին մէջ պատկերուած է երիտասարդ շահը, որ կանգնած է թնդանօթի մը քովը։ Անոր ձեռքին աստղադիտակ մը կայ, հագին` շքեղ մորթէ վերարկու։
Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ Մարտ 27։