Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԳԱՆԱՏԱ – Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը եւ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը վարչապետ Թրիւտոյի հետ քննարկած են Արցախի շրջափակման հարցը

Յունիս 6-ին, Օթթաուայի մէջ կայացած է հովուապետական այցելութեամբ Գանատա գտնուող  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառի հանդիպումը Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի հետ։ Տեսակցութեան արծարծուած է Արցախի շրջափակման հարցը, քննարկուած են Հայաստան-Գանատա համագործակցութեան ծիրն ու Միջին Արեւելքի քաղաքական տագնապը։

Հանդիպման ներկայ եղած են Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի, խորհրդարանի Հայաստան-Գանատա բարեկամական խմբակցութեան նախագահ Պրայն Մէյ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Սարօ Տէր Պետրոսեան, Օթթաուայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Սեւակ Պելեան, Գեմպրիճի հոգեւոր հովիւ հայր Գեղարդ Քիւսպէքեան ու Հայրապետի գաւազանակիր հայր Պարոյր Շերնեզեան։

***

Այս հանդիպումէն ետք, Թրուտօ Թուիթըրի իր էջին կատարած է հետեւեալ գրառումը.

«Գանատայի հայ համայնքը հզօր է եւ եռանդուն, եւ երբ այսօր ես եւ Արամ Ա. կաթողիկոսը հանդիպում ունեցանք, խօսեցանք այդ մասին: Մենք անդրադարձանք նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին գործուած վայրագութիւններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի կայուն խաղաղութեան հոլովոյթին մեր աջակցութեան մասին»։