«Հորիզոն» – Օթթաուա – Գանատայի եւ Քէպեքի Հայ դատի յանձնախումբերը կ’ողջունեն Քեպէք նահանգի Կրթութեան նախարարութեան կողմէ ձեռնարկուած Ցեղասպանութեան դասաւանդման ծրագրի ուղեցոյցի մեկնարկը:
Կրթական ծրագրի այս ուղեցոյցը մշակուած է Ցեղասպանութեան կրթական հիմնադրամի (Genocide Education Foundation) եւ գործակից կազմակերպութիւններու, ինչպէս՝ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ, որ Քեպէք Նահանգի կրթական մշակներուն համար պիտի ծառայէ իբրեւ սկզբնաղբիւր, ուսուցանելու ցեղասպանութիւններու յանցագործութեանց ու անոնց հետեւանքներուն մասին:
“Այս ծրագրի մեկնարկը կարեւոր իրադաձութիւն է Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբին համար, որ վերջին տարիներուն սերտօրէն համագործակցելով Ցեղասպանութեան կրթական հիմնադրամին հետ, ձեռնարկեց այս ուղեցոյցին, որ կը միտի Քեպէք նահանգի միջնակարգ դպրոցներուն մէջ դասաւանդել հայոց ցեղասպանութեան նիւթը, իրազեկ դարձնելով ցեղասպանութիւններու դրոյթներուն ու վայրագութեանց մասին”,– նշեց Ցեղասպանութեան կրթական հիմնադրամի գործադիր խորհուրդին մէջ Քեպէքի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ փրոֆ. Լալէ Մանճիկեան:
Այս ծրագիրը Ցեղասպանութեան վերաբերեալ առաջին համընդհանուր կրթական ուղեցոյցն է, որ հասանելի պիտի ըլլայ Քեպէքի միջնակարգ դպրոցներու աւելի քան 343.000 աշակերտներու եւ 800 կրթական հաստատութիւններու:
Երկլեզու այս ուղեցոյցը կը սահմանէ Ցեղասպանութեան յանցագործութիւններու դրոյթները, մասնագիտականօրէն կը բացատրէ Ցեղասպանութեան տարբեր փուլերը, որոնք պատմականօրէն պատճառ դարձած են նմանօրինակ յանցագործութիւններու: Ուղեցոյցը նաեւ լոյս կը սփռէ ՄԱԿ-ի եւ Գանատայի կողմէ ճանչցուած ինը այլ ցեղասպանութիւններու մանրակրկիտ դէպքերուն, ինչպէս օրինակ՝ Գանատայի բնիկ Կարմրամորթերու մշակութային ցեղասպանութիւն (1876-1993), Հերերոյի եւ Նամայի ցեղասպանութիւն (1904-1908) Հայոց ցեղասպանութիւն (1915-1923), Ուքրաինական Հոլոտոմորը-Սովասպանութիւն (1932-1933), Ռոման գնչուներու եւ Սինտիներու ցեղասպանութիւն (1935-1945), Հրեաներու ողջակիզում (1939-1945), Գամպոճի ցեղասպանութիւն (1975-1979), Պոսնիոյ ցեղասպանութիւն (1992-1995) եւ Ռուանտայի Թութսիներու ցեղասպանութիւն (1994):
Ուղեցոյցի հիմնական նպատակն է կանխել ապագայ ցեղասպանութիւնները, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն տրամադրելով անհրաժեշտ գիտելիքներն ու հմտութիւնները՝ ստեղծելու արժէքներու եւ վերաբերումի համակարգ մը, որ պիտի ձեւաւորէ հաւաքական ըմբռնում ցեղասպանութեանց կանխարգիլման վերաբերեալ:
Այս ուղեցոյցին հրատարակութիւնը՝ Ցեղասպանութեան կրթական հիմնադրամին եւ գործակից կազմակերպութիւններուն համատեղ ջանքերուն արգասիքը կը հանդիսանայ, որոնք երկար տարիներ անխոնջօրէն աշխատեցան այս կարեւոր նախաձեռնութեան համար:
“Կարեւոր է աշխատիլ ցեղասպանութենէն տուժած բոլոր համայնքներուն հետ, որպէսզի կարենանք զուգահեռներ գտնել իրադարձութիւններուն միջեւ, հասկնալ ցեղասպանական դէպքերուն նախորդող փուլերը, ինչպէս նաեւ ընդգծել պատասխանատուներու ժխտման քաղաքականութիւնը: Ցեղասպանութիւնները, անկախ ժամանակի ու վայրի հանգամանքներէն, միշտ ալ նմանութիւններ ունին”,– հաստատեց Ցեղասպանութեան կրթական հիմնադրամի գործադիր խորհուրդին մէջ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Հրակ Չինչինեան:
Գանատայի ու Քեպէքի Հայ դատի յանձնախումբերը կը գնահատեն Ցեղասպանութեան կրթական հիմնադրամի ու անոր ղեկավարներուն, ինչպէս նաեւ Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն՝ Փրոֆ. Լալէ Մանճիկեանի եւ Հրակ Չինչինեանի անխոնջ աշխատանքը, նաեւ կը գնահատեն փրոֆեսէօրներ՝ Ալան Ուայթհորնի, Իզապէլ Գաբրիէլեան-Չըրչըլի եւ Սթէյսի Չըրչըլի, Արամ Աճեմեանի եւ Րաֆֆի Սարգիսեանի ակադեմական խորհուրդատուական աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Մհեր Գարագաշեանի եւ Արամ Էլակէօզի ներդրումը՝ ի խնդիր այս ծրագրի իրագործման:
Ուղեցոյցը կարելի է կարդալ հետեւեալ յղումով՝ https://bit.ly/3EMOkcZ