Քեպէգի 2025-ի քաղաքապետական ընտրութիւններուն երեք հայ թեկնածուներ յաղթանակ արձանագրած են՝ Գանատայի հայհամայնքին շնորհելով հպարտութեան պահ մը։
Կիրակի, Նոյեմբեր 2-ին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն, հայերը շահած են շրջաններու ղեկավարի կարեւոր պաշտօններ թէ՛ Մոնրէալի, թէ՛ Լաւալի մէջ. սա վկայութիւնն է Քեպէգի քաղաքական կեանքին մէջ հայերու աճող քաղաքացիական ազդեցութեան եւ ներգրաւման, կը հաղորդէ «Հորիզոն» շաբաթաթերթը։

Մոնրէալի մէջ, Վանա Նազարեան վերընտրուած է իր երկրորդ շրջանին համար «Անսամպլ Մոնրէալ» կուսակցութեան դրօշին տակ՝ ներկայացնելով Սէն—Լօռան շրջանի Գոթ—տէ—Լիէս թաղամասը։
Նոյն կուսակցութեան դրօշին տակ վերընտրուած է նաեւ Շահէ («Շարքի») Տարագճեան, որ պիտի պաշտօնավարէ մէկ այլ շրջան՝ ներկայացնելով Փիերֆոն—Ռոքսպորոյի Գափ—Սէն—Ժաք թաղամասը։
Լաւալի մէջ, Սեդա Թոփուզեան վերընտրուած է իր երկրորդ շրջանին համար «Մուվման Լաւալուա – Էքիփ Սթեֆան Պուայէ» կուսակցութեան դրօշին տակ՝ իբրեւ Ռընօ—Գուրսոլ թաղամասի (Թիւ 7 շրջան) քաղաքային խորհրդական։