Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԳԱՆԱՏԱ – Քեպէգ նահանգի խորհրդարանական նիստին յիշատակուած է Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը

Ապրիլ 22-ին, Քեպէգ նահանգի խորհրդարանական նիստի ընթացքին յիշատակուած է Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցը, որուն ընթացքին խօսք առած են հայ եւ գանատացի երեսփոխաններ՝ Սոնա Լախոյեան Օլիվիէ, Միշէլ Սեթլաքուի, Սելին Հայթայեան, Կիյոմ Գլիշ-Ռիվար եւ Փասքալ Փարատի:

Անոնք իրենց խօսքերուն մէջ դատապարտած են Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին մէկուկէս միլիոն հայերու սպանութիւնն ու Արցախի մէջ տեղի ունեցած բռնարարքները, որպէս երկրորդ ցեղասպանութիւն՝ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած, ինչպէս նաեւ շեշտած են Քեպէգի կառավարութեան անսակարկ զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդի դատին, արցախահայութեան եւ Գանատայի հայ համայնքին: Անկէ ետք նիստի նախագահին հրաւէրով մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ մասնակիցները յարգած են Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը:

Նոյն օրը երեկոյեան, հայ համայնքի պատուիրակութիւնը, նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, ուղղուած է դէպի Կոմիտաս վարդապետի կիսանդրին, ուր տեղի ունեցած է անոր յիշատակի ոգեկոչում եւ հոգեհանգստեան աղօթք՝ հոգեւոր հայրերուն կողմէ:

Նշենք, թէ 1980-ին Քեպէգը Գանատայի առաջին նահանգն էր, որ պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: