Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԳԱՆՆ – Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանի անունով ծառուղիի բացումը

© Mairie de Cannes

Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցի ազգային յիշատակի օրուան առիթով, Գաննի քաղաքապետութիւնը Գռուազէթի վրայ ծառուղի մը անուանակոչեց «Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեան»։

Ապրիլ 24-ին, քաղաքապետ Տաւիտ Լինառ բացումը կատարեց յուշատախտակին, դիմադրութեան մարտիկ զոյգին ընտանիքի անդամներուն եւ Գանն քաղաքի ու շրջակայքի հայերու միութեան անդամներուն ներկայութեամբ։ Այս անուանակոչութեան յաջորդեց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած աւանդական արարողութիւնը։

Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեան ծառուղին ծովուն կը միացնէ 2022-ին բացուած Շառլ Ազնաւուրի ծառուղին, «Պիժու» ծովեզերքի մակարդակին, Գռուազէթի վրայ։ Մօտակայքը կը գտնուի նաեւ Գաննի քաղաքապետութեան կողմէ 2015-ին բարձրացուած հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն եւ Ֆրանսայի համար զոհուած հայ մարտիկներուն նուիրուած յուշակոթողը։

Քաղաքեպետը իր ելոյթին, ի միջի այլոց, ըսաւ. “Այս գեղեցիկ եւ լուսաւոր «Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեան» ծառուղիին միջոցով, Գանն քաղաքը իր յարգանքի տուրքը կը մատուցէ անոնց, Ֆրանսայի՝  իրենց ամբողջական նուիրումին համար։ Այս անուանակոչութիւնը կը վերահաստատէ նաեւ մեր անսակարկ զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին եւ կ՚ամրապնդէ Հայաստանն ու Գաննը միացնող ամուր եւ պատմական կապերը”։