Գերմանիա Հայաստանին պիտի տրամադրէ 130 միլիոն եւրօ վարկ եւ 22 միլիոն եւրօ դրամաշնորհ

Հոկտեմբեր 30-31-ին Պերլինի մէջ տեղի ունեցած են ՀայաստանԳերմանիա միջկառավարական բանակցութիւնները։ Անոնց ընթացքին քննարկուած են յառաջիկայ երկու տարուան ընթացքին իրագործուելիք ծրագրերը եւ կողմերը յանձնառութիւններ ստանձնած են անոնց նկատմամբ։ Խնդրոյ առարկայ ծրագրերը կը վերաբերին հետեւեալ ոլորտներուն.

  • Կայուն տնտեսական զարգացում
  • Վերականգնուող ուժանիւթ եւ ուժանիւթային արդիւնաւէտութիւն
  • Խաղաղ եւ ներառական հասարակութիւն
  • Արդիւնաւէտ կառավարում
  • Բնապահական խնդիրներ եւ բնական պաշարներու պահպանութիւն

Այս մասին յայտնած է Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանատունը։

Բանակցութիւններու աւարտին, Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան եւ Գերմանիոյ Տնտեսական զարգացման եւ համագործակցութեան նախարարութեան պետական քարտուղար Նիլս Աննեն ստորագրած են արձանագրութիւն մը, որով հաստատուած է, թէ վերը նշուած յանձնառութիւններուն կատարման նպատակով Գերմանիան Հայաստանին պիտի տրամադրէ 130 միլիոն եւրօ նպաստաւոր պայմաններով վարկ եւ 22 միլիոն եւրօ դրամաշնորհ։