Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԷՆ – Նոր հրատարակութիւններ

Գլօտ Մութաֆեանի՝ «ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԵՒ ՀԱՅԵՐԸ» պատկառելի հատորը

«Լէ Պել Լեթր» հրատարակչատունէն Սեպտեմբեր 16-ին լոյս կը տեսնէ ֆրանսահայ ծանօթ պատմաբան Գլօտ Մութաֆեանի՝ « Jérusalem et les Arméniens » («Երուսաղէմ եւ Հայերը») իսկապէս բացառիկ հատորը։ 

Գիրքին լոյս ընծայման ընդառաջ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք.-

«Հայաստան կ՚ընդգրկէ սարահարթ մը, որ կը տարածուի Փոքր Ասիոյ հիւսիս-արեւելքը՝ աստուածաշնչական յայտնի լեռան՝ Արարատի շուրջը, որ հեռու է Միջերկրական ծովէն։ Հակառակ հեռաւորութեան, Պաղեստինը միշտ հմայած է Հայերը, որոնք շատ վաղ ժամանակներէն ներկայ եղած են հոն։ Այսպէս, Երուսաղէմի հին քաղաքի չորս մասերէն մէկը Հայկական թաղամասն է, յարակից՝ քրիստոնէական թաղամասին, բայց անկէ անկախ։ Հայկական թաղամասը կը գրաւէ Երուսաղէմի ընդհանուր տարածքին մէկ վեցերորդը եւ կը վկայէ հայկական ներկայութեան վաղեմիութեան, կարեւորութեան եւ իւրայատկութեան մասին։

Այս գիրքին գաղափարը կը բխի հետեւեալ դիտարկումէն. գեղարուեստական եւ մշակութային այս հարստութիւնները, որոնք ամենակարեւորներն են Հայաստանէն դուրս, ընդհանրապէս չեն գնահատուիր ըստ արժանւոյն։ Զանոնք ծանօթացնելու նպատակաւ,– Երուսաղէմի մէջ Հայկական թանգարանի մը ստեղծման զուգահեռ,– պատմաբան Գլօտ Մութաֆեան որոշած է շրջել պատկերի եւ բնագրի ընկալեալ յարաբերութիւնը՝ ներկայացնելու համար այն հսկայական ամբողջութիւնը, որ կ՚ընդգրկէ Հայոց եւ Պաղեստինի միջեւ աւելի քան հազարհինգհարիւրամեայ յարաբերութիւնները, Ք.ա. Ա. դարուն Մեծն Տիգրանի գահակալութենէն մինչեւ օսմանեան նուաճումը (1516)։

Այլապէս հարուստ պատկերագրութիւնը հոս չի սահմանափակուիր միայն պատկերման դերով: Պատկերները կը դառնան գիրքին հիմնական տարրը, ջիղը, առաջնորդելով բնագիրը, որ գլխաւորաբար նոյնինքն պատկերներու ենթագրերէն կը բաղկանայ։ Այսպէսով, ընթերցողը իր տրամադրութեան տակ կ՚ունենայ մեծ թիւով տեսարաններ եւ դիմանկարներ՝ մանրանկարի, որմնանկարի կամ գեղանկարի տեսքով. յուշարձանները ներկայացուած են հին լուսանկարներով եւ փորագրանկարներով։ Լայնօրէն օգտագործուած են նաեւ հին մետաղադրամներու եւ կնիքներու օրինակներ։ Գեղարուեստական ստեղծագործութիւնները, խաչքարերը, փայտագործութիւնը կամ ոսկերչութեան նմուշները բոլորն ալ տեղաւորուած են իրենց պատմական կացութաձեւին (contexte) մէջ։

Հատորին գագաթնակէտը կը հանդիսանայ Կիլիկեան Հայաստանի առասպելական արտադրութիւնը, որու մանրանկարները բոլորին կողմէ կը համարուին իրենց տեսակին մէջ գլուխգործոցներ։ Ինչ կը վերաբերի բազմաթիւ մէջբերումներուն, Գլօտ Մութաֆեան որոշած է միշտ վերարտադրել ձեռագիր էջեր՝ անոնց մէջի համապատասխան հատուածներու թարգմանութիւնը տալով շեղագրով»։

« Jérusalem et les Arméniens » (Սեպտեմբեր 16-էն՝ գրախանութներու մէջ)

520 էջ – 75 եւրօ։ ■

* * *

ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԷՀԼԻՐԵԱՆԻ «ՎԵՐՅԻՇՈՒՄՆԵՐԸ»՝ անգլերէն լեզուով

Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկը լոյս ընծայած է Սողոմոն Թէհլիրեանի «Վերյիշումները» գործի անգլերէն թարգմանութիւնը, ուր վրիժառուին կողմէ մանրամասնութեամբ կը նկարագրուի Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն՝ Թալաաթ Փաշայի ահաբեկումը, Պերլինի մէջ։

Այս հետաքրքրական հրատարակութիւնը իրագործուած է՝ շնորհիւ Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկի ղեկավար Արա Սարաֆեանի աշխատանքին։ Հատորը թարգմանած է Պետօ Տէմիրճեան։ Յատկապէս օտար կարդացողին աւելի հարազատօրէն ներկայացնելու համար, ամենայն բծախնդրութեամբ հրատարակուած է «Remembrances: The Assassination of Talaat Pasha» վերտառութեամբ գիրքը։ 

Հ.Յ.Դ. բիւրոյի ցուցմունքին վրայ Սողոմոն Թէհլիրեան ծրագրած եւ իրագործած է այս գործողութիւնը։ Պելկրատի մէջ, 40-ականներուն Թէհլիրեան իր յուշերը պատմած է իր մօտիկ բարեկամ Վահան Մինախորեանին, որ մանրամասնօրէն թուղթին յանձնած է այդ հետաքրքրական տեղեկութիւնները։ 

318 էջէ բաղկացած լաթակազմ հատորը հրապարակի վրայ է Օգոստոս 31-էն ի վեր։

Գին՝ 30 տոլար։ Ստանալու համար կապ հաստատել՝ books@gomidas.org հասցէին հետ։ ■

* * *

«ԱՐԹԻՒՐ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՓՈՔՐԻԿ ԻՇԽԱՆԸ»

ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԼՐԱԳՐՈՂԻ ՄԸ ԱՐԿԱԾԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

«Սիժեսթ» հրատարակչատունէն լոյս տեսած է Անթուան Պորտիէի «Արթիւր՝ Հայաստանի փոքրիկ իշխանը» (« Arthur, le petit prince d’Arménie ») գիրքը, կարդինալ Ժան-Փիէր Ռիքարի նախաբանով եւ Ժան-Փիէր Մահէի վերջաբանով։ 

Գիրքին նիւթը՝ ֆրանսացի երիտասարդ լրագրողի մը ժամանակակից արկածախնդրութիւններն են Կովկասի մէջ:

Արթիւր տը լա Մատրիէր 20-ամեայ որբ մըն է, որ նոր կորսնցուցած է իր ծնողները կառքի արկածի մը հետեւանքով։ Իր ծնողաց 7 երախաներուն աւագն է։ Ան իր առաջին ծաւալուն տեղեկատուական յօդուածը (reportage) կը պատրաստէ Հայաստանի մէջ։ Հոն կը յայտնաբերէ հազար երեսներով, հազար դէմքով երկիր մը: Արկածնախնդրութիւններու եւ հանդիպումներու անյագ սիրահար՝ Արթիւր կը բազմապատկէ իր նմանատիպ յօդուածները։ Անոնցմէ մէկուն ընթացքին՝ ան կը զարգացնէ ամէնուրեքութեան եւ երկտեղակայութեան շնորհները: Կը յայտնուի միաժամանակ երկու տարբեր վայրերու մէջ։ Իր զեկոյցներու պատրաստութեան ընթացքին կ՚երթեւեկէ ժամանակին եւ տարածութեան մէջ։

Իր արտասովոր ճամբորդութիւններէն մէկուն ընթացքին՝ կը հանդիպի Նոյին եւ Աբրահամի նման նշանաւոր կերպարներու: Նոյեան տապանը ջրհեղեղի ջուրերուն վրայի իր խօլ վազքը աւարտած է Արարատ լեռան գագաթին։ Եւ Արթիւր կը հանդիպի Աբրահամին, որպէս «բոլոր հաւատացեալներուն հայրը»:

Այս անհաւատալի հանդիպումէն որոշ ժամանակ ետք՝ ան կ՚անցնի զուգահեռ աշխարհ, ուր կը դառնայ անտեսանելի հերոսը, որ կեանքեր կը փրկէ 2020 Սեպտեմբեր 27-ին Ստեփանակերտի մէջ, որ ասպատակուած է Ազերպայճանի եւ դրացի ռազմատենչ երկրին զօրքերուն կողմէ։

Արթիւր կ՚անդրադառնայ տարբեր նիւթերու՝ եկեղեցւոյ, երիտասարդներու, կիներու, Ֆրանսախօսութեան, տնտեսութեան, ձեռնարկատէրերու, համացանցային ձեռնարկութիւններու (start-up) վերաբերող։ Ան նաեւ կը փափաքի անդրադառնալ Ցեղասպանութեան, պատերազմին, քաղաքականութեան եւ աշխարհաքաղաքական նիւթերու։ Բազմաթիւ յետաձգումներէ ետք, վերջապէս աւարտին կը հասնի Հայաստան անոր երկա՜ր կեցութիւնը։ Այդ կեցութեան ընթացքին ան ունեցած է հրաշալի հանդիպումներ, յա՛տկապէս, տեղացի անձնաւորութիւններու, Սփիւռքի, Արոսոյի արծուին եւ Անահիտ թագուհիին հետ։ Վերջինս զայն կը կարգէ իր ասպետը եւ կ՚որակէ իր «փոքրիկ իշխանը»:

Այս գիրքը ներկայացուած է որպէս եռափեղկ պատկեր մը.- քիչ թէ շատ վիպերգուած՝ լրագրական, այլաբանական եւ երեւակայական երեսներով։ 

Ընթերցողը կը հրաւիրուի հետեւելու երիտասարդ Արթիւրի արկածախնդրութիւններուն եւ մտնելու փոքրիկ իշխանի մորթին մէջ։

« Arthur, le petit prince d’Arménie » 

SIGEST : ելգիր՝ info@sigest.net — կայք՝ https://sigest.fr

288 էջ – 19,95 եւրօ։ ■

* * *

«ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂ. ՍԵՒ ՄԱՏԵԱՆԸ»

Cf2R-ի (Centre Français de Recherche sur le Renseignement) հովանաւորութեամբ եւ ղեկավարութեամբ՝ Էրիք Տընեսէի եւ Տիգրան Եկաւեանի, «Էլիփս» հրատարակչատունէն լոյս տեսած է « Haut-Karabagh – Le Livre noir » («Լեռնային Ղարաբաղ. Սեւ մատեանը») հատորը։

Այս գործը յատկապէս հասցէագրուած է անոնց, որոնք ծանօթ չեն Արցախին, տեղեակ չեն վերջին պատերազմին։ Հոն, Արցախի եւ անոր հազարամեայ պատմութեան ներկայացման կողքին՝ մանրակրկիտ անդրադարձ կը կատարուի 44-օրեայ պատերազմի ծալքերուն։ Պատերազմ մը, որ Եւրոպայի դարպասին տեղի ունենալով հանդերձ՝ մատնուեցաւ յա՛տկապէս եւրոպական եւ ընդհանրապէս միջազգային համատարած անտարբերութեան։ Հատորին մէջ, ի միջի այլոց, մանրամասնօրէն կը ներկայացուին ազերի ղեկավարներու ատելավառ յայտարարութիւնները, հայկական մշակոյթի եւ ժառանգութեան ոչնչացումը, բնակչութեանց եւ զինուորականներու ենթարկուած կեղեքումները, ռազմագերիներու վերապահուած անմարդկային վերաբերումը, Պատմութիւնը ամօթալի կերպով վերաշարադրելու փորձերը…։

Ըստ հեղինակներուն՝ հատորին նպատակն է յիշեցնել որ՝ այս ու նման հալածանքները երբեք չդադրեցան 1915-էն ի վեր եւ թէ 2020-ի պատերազմի անցքերը պարզապէս տրամաբանական շարունակութիւնն էին Ազերիներու եւ Թուրքերու ընդոծին հայատեացութեան։ Կ՚ընդգծուի, թէ պատահածը երկու ժողովուրդներու միջեւ միայն հողի ի խնդիր հակամարտութիւն մը չէ, այլեւ հազարամեայ ազգի մը եւ անոր մշակոյթի գոյատեւման հարցն է։ «Այս հատորը իր տեսակին մէջ առաջինն է. ցարդ ո՛չ մէկ գործ հրատարակուած է Լեռնային Ղարաբաղի այս պատերազմին (2020), ո՛չ ալ այս երկրին մասին, որ կը մնայ անծանօթ՝ մերօրեայ հասարակութեան»,– կը նշեն հեղինակները։

« Haut-Karabagh – Le Livre noir »

408 էջ – 28 եւրօ։ ■ 

* * *

Րաֆֆիի «ԽԱՉԱԳՈՂԻ ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆԸ»՝ ֆրանսերէնով

Րաֆֆիի հանրածանօթ «Խաչագողի յիշատակարան» (1869-1870) գործը առաջին անգամ ըլլալով՝ ֆրանսերէն թարգմանութեամբ լոյս տեսած է հեղինակաւոր «Կառնիէ» հրատարակչատունէն, « Les mémoires d’un voleur de croix » խորագրին տակ։

Թարգմանութիւնը եւ ներառեալ գրախօսականը կը պարտինք Հելենա Տեմիրճեան Իւլասի։ 

« Les mémoires d’un voleur de croix »

376 էջ – 34 եւրօ։ ■