Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ. Գրիգոր Պըլտեանի 75-ամեակին նուիրուած հրատարակութիւնները կ՚ամբողջանան երկրորդ հնգեակով մը

Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի օժանդակութեամբ եւ «Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու շրջանակ»-ի նախաձեռնութեամբ, ԱՐԻ գրականութեան հիմնադրամը սկսած է հրատարակել Գրիգոր Պըլտեանի 75-ամեակին նուիրուած գիրքերու շարք մը, որ կը ներկայացնէ գրողին ընտրուած 15 գործերը, ներառեալ՝ անտիպներ։

Նոր լոյս կը տեսնէ գիրքերու երկրորդ հնգեակ մը, որու տիտղոսներն են՝ «Երկլեզու ցանցը», «Մէջ ընդ մէջ», եւ առաջին անգամ հրատարակուող «Սկսիլ», «Հրապարակներ» եւ «Տեսութիւն Ս․ Փարաճանովի»:

Պըլտեան այս գործերուն մէջ կը խօսի ֆրանսահայ հեղինակներու երկլեզու ըլլալու «պարտադրութեան», «հեռանալու» ու «վերադառնալու» փոխակերպող ազդեցութեան, հրապարակներու քաղաքական եւ կենսական կարեւորութեան մասին, ինչպէս նաեւ կը վերլուծէ եւ կը քննարկէ հայ երկու մեծերու (տասնեակ դարերով իրարմէ բաժնուած Մովսէս Խորենացիի եւ Սերգէյ Փարաջանովի) կեանքն ու ստեղծագործութիւնը։