Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Դաւիթ Բաբայեան. «Ինչի՞ մասին խօսինք Պաքուի հետ, ըսենք՝ կը յանձնուինք, եկէ՛ք մեզ սպանեցէ՞ք. աւելի լաւ չէ՞ տղամարդու պէս զոհուինք»

News.am-ի հետ զրոյցին, Արցախի նախագահի խորհրդական Դաւիթ Բաբայեան՝ անդրադառնալով Պաքու-Ստեփանակերտ այնքան կրկնուող երկխօսութեան հարցին ըսած է. “Ինչի՞ մասին մենք պիտի խօսինք Ազերպայճանի հետ, ես կ՚ուզեմ հասկնալ: Անոնք կ՚ըսեն՝ դուք չկաք, Ալիեւ կը ծաղրէ Արցախը, Հայաստանն ալ հետը: Ինչի՞ մասին խօսինք, երթանք ըսենք՝ կը յանձնուինք, եկէ՛ք մեզ սպանեցէք, մեզ բռնաբարեցէ՞ք. աւելի լաւ չէ՞ տղամարդու պէս զոհուինք: Լա՛ւ, գացինք Ազերպայճանի հետ խօսելու, ըսին յանձնուեցէ՛ք, լուծարեցէ՛ք Ազգային ժողովը, բանակը, ստացէք Ազերպայճանի անձնագրեր, բայց մինչ այդ 5 հազար հոգի պէտք է գնդակահարենք, 15 հազարն ալ պէտք է ցկեանս բանտարկենք: Ա՞յդ է ձեր ուզածը:

Մենք միշտ կողմ ենք բանակցութիւններուն, բայց երբ մարդիկ կ՚ըսեն՝ մենք չենք ուզեր ձեզի հետ բանակցիլ, դուք չկաք մեզի համար, երթանք իրենց հետ ի՞նչ խօսինք”։ 

Ան շարունակած է. “Պաքուի ղեկավարը կ՚ըսէ դուք Արցախը ճանչցած էք Ազերպայճանի կազմին մէջ, բան մը, որ անկարելի էր նոյնիսկ պատկերացնել։ Սա պատմական ամօթանք է մեր ազգին համար…: Նախ պէտք է տեսնենք, թէ հայ ժողովուրդին մէջ գոնէ քիչ մը արժանապատւութիւն մնացա՞ծ է, թէ՞ ոչ։ Կրնայ ըլլալ որ կը յստականայ, թէ ազգ չենք, այլ ստամոքսի համար պատրաստ ենք ամէն ինչ ծախելու, ընդհանրապէս չենք յարգեր մեր պատմութիւնը…։ Այդ պարագային մեկնելով իրավիճակէն՝ պէտք է շատ արագ քայլերու նախաձեռնենք”: