Փետրուար 26-ին, Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին «Արմէնփրէս»-ին տուած հարցազրոյցին յայտնած է, թէ Ռուսաստանի նպատակը Ուքրաինան գրաւելը չէ: Ըստ դեսպանին՝ ռուսական կողմը շահագրգռուած է ունենալու անկախ, եւ յատկապէս արտաքին կառավարումէ անկախ, բարեկեցիկ դրացի պետութիւն մը, որ կը ներկայացնէ ուքրաինական հասարակութեան բոլոր հատուածներուն շահերը։
Անդրադառնալով այն մտավախութեան, թէ Ուքրաինայի շուրջ ստեղծուած կացութենէն ետք, Ազէրպայճան կրնայ առիթէն օգտուելով լարել իրավիճակը հայ-ազէրպայճանական սահմանին՝ դեսպանը յիշեցուցած է, թէ Ռուսաստանի համար թանկ են Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները եւ կարեւոր է, որ հայ ժողովուրդը ինքզինք անվտանգ զգայ, իսկ ատոր գրաւականը հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններն են: