Հայ ճարտարապետ Սարգիս Սարգսեան, միջազգային ճարտարապետական «Bjarke Ingels Group» (BIG) գրասենեակի կազմին մէջ, յաղթած է Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքի պետական օփերայի նոր շէնքի նախագծման մրցոյթին։ Սարգիս Սարգսեան համաղեկավարած է յաղթական նախագիծը, որ աչքի կը զարնէ ճարտարապետական համարձակ, ժամանակակից ու նորարարական լուծումներով։
Ուշագրաւ է, որ միջազգային նման մեծ ու հեղինակաւոր մրցոյթի մը մէջ յաղթած ճարտարապետը իր փորձառութիւնն ու գիտելիքները կը ներդրէ նաեւ Հայաստանի մէջ։ «Proforma» ճարտարապետական գրասենեակի խումբին հետ ան մշակած է Դիլիջանի «Mountain Village» բնակելի համալիրի հայեցակարգը՝ առաջադէմ ու կանաչ արհեստագիտութիւնները, բնապահական բարձր չափանիշերն ու համարձակ ճարտարապետական լուծումները ներդաշնակօրէն համադրելով տեղական բնապատկերին ու աւանդութիւններուն հետ։
“Սարգիս Սարգսեանի այս յաջողութիւնը կը վկայէ այն մասին, որ մեր ճարտարապետական համակարգին մէջ կը շարունակեն առաջնային տեղ գրաւել որակը, նորարարական արհեստագիտութիւններն ու միաժամանակ՝ աւանդութիւններու պահպանութիւնը։ «Mountain Village»-ի նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Ռուբէն Վարդանեանին եւ Վերոնիքա Զոնապենտին, որոնք նաեւ Դիլիջանի միջազգային դպրոցի հիմնադիրներն են, եւ անոնց համար մշտապէս կարեւոր եղած է միջազգային լաւագոյն արհեստագիտութիւններն ու փորձառութիւնը Հայաստան բերելը։ Պէտք է նշեմ, որ դպրոցի շէնքը, իր ճարտարապետական լուծումներուն շնորհիւ, մրցանակներ բերած է Հայաստանին՝ հինգ անգամ յաղթելով շինարարական եւ ենթակառուցային միջազգային հեղինակաւոր մրցոյթներու մէջ։ Վստահ ենք, որ «Mountain Village»-ը եւս նշանակալի դեր պիտի ունենայ Դիլիջանի գրաւչութիւնը բարձրացնելու առումով”,– ըսած է «Mountain Village» նախագիծի ղեկավար Կլէպ Կրոշենքօ։