Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի բաժնի վարիչ, Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտաշխատող դոկտ. Յարութիւն Մարութեանի «Commemorative Practices and Memorial Sites: the Armenian Genocide Memorial» խորագրեալ յօդուածը, իբրեւ առանձին գլուխ, տեղ գտած է գիտական բարձր վարկանիշ ունեցող «Brill» հրատարակչութենէն լոյս տեսած եւ Քրիսթինա Հորվաթի ու Թոմաշ Ռավսքիի խմբագրած «Pathways to Agonism: Disputed Territories and Memory» աւելի քան 380 էջնոց ժողովածուին մէջ։
Գրութեան մէջ Մարութեան հանգամանօրէն վերլուծած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին պատմութիւնը, անոր բաղկացուցիչ բաժինները, որոնք վկայութիւնն են անցեալի ու ներկայի անքակտելի կապերուն։
Յարութիւն Մարութեանի յօդուածը ներբեռնելու կապը հետեւեալն է.
https://brill.com/display/book/9789004736887/BP000019.xml
Լուսանկարները՝ © HARUTYUN MARUTYAN
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։