ԵԱՀԿ-ի մէջ ԱՄՆ-ու մնայուն ներկայացուցիչ Մայքըլ Քարփենթըր լրագրողներու հետ ասուլիսին անդրադարձած է Հարաւային Կովկասին՝ նշելով, որ Միացեալ Նահանգներ խորապէս ներգրաւուած է հայ-ազերպայճանական, հայ-թրքական յարաբերութիւնններու բնականոնացման հոլովոյթին մէջ եւ կը շարունակէ ուղիներ փնտռել նախարարներուն (ակնարկը կը վերաբերի Հայաստանի եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարներուն – Խմբ.) եւ առաջնորդներուն հանդիպումը կազմակերպելու համար:
“Գաղտնիք չէ, որ մենք այս առումով սերտօրէն կ՚աշխատինք Եւրոպական Միութեան մեր գործընկերներուն հետ, նաեւ, մեծապէս աջակցելով սահմանագիծին Եւրոպական Միութեան ջանքերուն, կը հետեւինք Հայ-ազերպայճանական սահմանին տեղակայուած ԵԱՀԿ-ի գործիքակազմի աշխատանքներուն, որ այնտեղ կը գտնուի հայկական կողմի խնդրանքով։
Մեր նպատակը պարզ է. մենք կը փափաքինք կարելիին չափ շուտ տեսնել սահմանազատումը: Մենք կ՚ուզենք որքան հնարաւոր է շուտ տեսնել երկու կողմերու միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը, որպէսզի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը վերադառնան տարածաշրջան, յարգուին մարդկային իրաւունքները եւ այս տարածաշրջանը ապրող բոլոր անհատներու անվտանգութիւնը, ու մենք ի վիճակի ըլլանք Հարաւային Կովկասի պատմութեան մէջ նոր էջ մը բանալու: Ակնյայտ է, որ այդ վերջնական արդիւնքին հասնելու համար որոշ ժամանակ կը պահանջուի, բայց մենք յանձնառու ենք ընելու ամէն ինչ՝ այդ նպատակին հասնելու համար”,– նշած է ամերիկացի դիւանագէտը: