Եգիպտոսի նախագահութիւնը Հոկտեմբեր 11-ին յայտարարեց, թէ Կազայի նուիրուած խաղաղութեան վեհաժողով մը պիտի կազմակերպուի Հոկտեմբեր 13-ին, Շարմ էլ—Շէյխի մէջ։ Այս կարեւոր հանդիպումը պիտի գլխաւորեն Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ ալ—Սիսի եւ Ամերիկայի նախագահ Տանըլտ Թրամփ, աւելի քան 20 երկիրներու ղեկավարներու ներկայութեամբ։
Պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, «վեհաժողովին նպատակն է վերջ դնել Կազայի գօտիին մէջ պատերազմին, ամրապնդել Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ջանքերը, եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան նոր էջ մը բանալ»։ Այս նախաձեռնութիւնը կու գայ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ հաստատուած հրադադարին երկրորդ օրը։
Վեհաժողովին իրենց մասնակցութիւնը հաստատած են ՄԱԿ—ի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշ, Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր, Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն, Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզ եւ Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնի։ Էլիզէի պալատը յայտնած է, որ Մաքրոնի այցը կ‘ընդգծէ իր «աջակցութիւնը նախագահ Թրամփի ներկայացուցած՝ Կազայի պատերազմին վերջ տալու միտող համաձայնագրին»։
Միւս կողմէ, Համասի բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Հոսամ Պատրան յայտարարած է, թէ իրենք «պաշտօնական ստորագրութեան ներկայ պիտի չըլլան»՝ նշելով, որ իսլամապաշտ շարժումը կը բանակցի միայն «Քաթարի եւ Եգիպտոսի միջնորդութեամբ»։ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի մասնակցութեան վերաբերեալ Կիրակի, Հոկտեմբեր 12-ին դեռ յստակ տեղեկութիւն չկար։
Ըստ հրադադարի համաձայնութեան պայմաններուն՝ մինչեւ Երկուշաբթի առաւօտ Կազայի մէջ պահուող 48 պատանդները (կամ անոնց մարմինները) պէտք է վերադարձուէին Իսրայէլի։ Փոխարէնը, Իսրայէլ պէտք է ազատ արձակէր աւելի քան 2.000 պաղեստինցիներ, որոնք ձերբակալուած են 2023 Հոկտեմբերէն ի վեր։
Աւելցնենք, թէ Հայաստանի վարչապետը եւս կը մասնակցի այս վեհաժողովին, ԱՄՆ—ու նախագահ Թրամփի եւ Եգիպտոսի նախագահ Սիսիի հրաւէրով։