«Թելեկրամ»-ի ալիքներուն վրայ կը տարածուի եպիսկոպոսաց դասին վերագրուող նոր յայտարարութեան լուսանկար մը։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, թէ փորձագիտական քննութեամբ հաստատուած է Մայր Աթոռի դիւանապետ Արշակ Խաչատրեանին վերագրուող տեսանիւթերուն իսկութիւնը։ Այս արդիւնքները ներկայացուած են Գարեգին Բ.ին (Կտրիճ Ներսիսեան), սակայն վերջինս առոչինչ համարած է զանոնք։
Նկատի առնելով ստեղծուած կացութիւնը՝ եպիսկոպոսները դիմած են միւս եպիսկոպոսներուն եւ հանրութեան՝ կոչ ընելով միանալու Հայ եկեղեցին Կտրիճ Ներսիսեանէն եւ Արշակ Խաչատրեանէն մաքրելու գործընթացին։ Յատկանշական է, որ տարածուող յայտարարութեան մէջ նշուած են հոգեւորականներու անուններ, որոնցմէ ոմանք ստորագրած են փաստաթուղթին տակ։



Նոյեմբեր 25-ին եպիսկոպոսաց դասը հաւաքուած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ըստ ամենայնի, օրակարգային հարցերու կարգին պէտք է քննարկուէր Մայր Աթոռի դիւանապետ Արշակ Խաչատրեանի պաշտօնավարումը դադրեցնելու եւ անոր ծառայութիւնը առժամաբար կասեցնելու, այլ խօսքով՝ «սառեցնելու» արքեպիսկոպոսներուն եւ եպիսկոպոսներուն յորդորը։ Ըստ երեւոյթին, այդ ժողովին ոչ մէկ վճռական որոշում կայացուած է։
Ինչպէս արդէն անդրադարձած էինք՝ համացանցի վրայ տարածուած էր նաեւ Գարեգին Բ.ին ուղղուած դիմումի լուսանկար մը, ուր բարձրաստիճան հոգեւորականները կը խնդրէին կասեցնել Խաչատրեանի պաշտօնավարումը բոլոր պաշտօններուն մէջ։ Այս պահանջքը պայմանաւորուած էր համացանցի մէջ շրջող տեսանիւթով մը, ուր ըստ պնդումներու՝ Արշակ Խաչատրեան խիստ անձնական բնոյթի յարաբերութիւններու մէջ է իր քեռիին կնոջ հետ։

Հայաստանի Քննչական կոմիտէն տեսանիւթերու տարածման դէպքին առթիւ քննութեան նախաձեռնած է։
Նոյեմբեր 27-ին Մայր Աթոռը յայտարարութիւն մը տարածած է՝ մանրամասնութիւններ հաղորդելով կայացած ժողովին վերաբերեալ, սակայն հոն բառ մ՚իսկ չկայ Արշակ Խաչատրեանի մասին։ Գարեգին Բ., որուն հրաժարականը կը պահանջեն նաեւ երկրին իշխանութիւնները, տարածուած հաղորդագրութեամբ միայն «սպառնացած» էր այն հոգեւորականներուն, որոնք պատարագի ընթացքին չեն յիշատակեր իր անունը։
Մայր Աթոռը յայտարարած է, թէ նման գործողութիւններ ենթակայ են խստագոյն պատիժի, եթէ եկեղեցականը չզղջայ եւ սահմանուած կարգով չսրբագրէ իր «հակականոնական» ընթացքը։