Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԵՐԵՒԱՆ. ԱՀ եւ ՀՀ ղեկավարներու գլխաւորած պատուիրակութիւններու հանդիպումը

Ապրիլ 29–ին, Երեւանի մէջ կայացած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւններու հանդիպումը՝ Արցախի խնդրի կարգաւորման շուրջ։

Լուրը հաղորդած է Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութիւնը։

Նախագահ Յարութիւնեան նշած է, թէ այցի նպատակն է քննարկել արտաքին քաղաքական եւ ընկերա-տնտեսական խնդիրները, ինչպէս նաեւ աւելի սերտացնել երկու կառավարութիւններու միջեւ առկայ գործակցութիւնը։

Ան Արցախի ապագայ կարգավիճակին կապակցութեամբ յայտնած  է, թէ արդէն ձեւաւորուած է ներքաղաքական միասնական օրակարգ՝ չշեղիլ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքէն։ Այս առումով Նախագահը կարեւոր համարած է ՀՀ իշխանութիւններու հետ ունեցած ա՛յն համաձայնութիւնը, թէ որեւէ փաստաթուղթ պիտի քննարկուի Արցախի իշխանութիւններու հետ, եւ որեւէ որոշում պէտք է բխի Արցախի ժողովուրդի տրամադրութիւններէն։

“Երկրորդն անվտանգային բաղադրիչն է, որն այսօր Արցախի համար ամենակարեւորն է։ Բարեբախտաբար, վերջին ժամանակահատուածում ռուս խաղաղապահների անմիջական միջնորդութեամբ իրավիճակը, կարծես, կայունացել է, որը հնարաւորութիւն է տալիս քննարկելու ընկերա-տնտեսական ծրագրերը:

Մեր գլխաւոր խնդիրներն այս փուլում քաղաքական, անվտանգային, նաեւ ժողովրդագրական ու ընկերա-տնտեսական հարցերն են: Այս ամէնում որեւէ խնդիր չենք ունեցել, բայց նաեւ կան հարցեր, որոնց պատասխաններն ակնկալում ենք ստանալ այսօրուայ քննարկման ժամանակ։ Դրանով էլ պայմանաւորուած են լինելու մեր հետագայ քայլերը՝ այդ ծրագրերը շարունակելու համածիրի մէջ”,– ընդգծած է ԱՀ նախագահը:

ՀՀ վարչապետն ալ իր կարգին նշած է, որ նման հանդիպումները կարելիութիւն կը ստեղծեն ամփոփելու միասնաբար կատարուած աշխատանքները եւ ծրագրելու հետագայ քայլերը:

Անդրադառնալով Արցախեան խնդրին՝ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է, որ կարգաւորման թիւ մէկ շահառուն Արցախն է եւ Արցախի ժողովուրդը: “Հետեւաբար, այնպիսի բովանդակութիւն, որ բանակցուի եւ իրագործուի ծածուկ, ուղղակի անտրամաբանական է, եւ նման բան երեւակայելն ուղղակի անհնար է”,– նշած է ՀՀ վարչապետը եւ աւելցուցած.-

“Կարեւոր եմ համարում եւ բարձր եմ գնահատում Ձեր՝ վերջին շրջանում արած յայտարարութիւնն այն մասին, որ Արցախի իշխանութիւնները նոյնպէս, ըստ էութեան, որդեգրում են խաղաղութեան օրակարգը: Եւ ես ուզում եմ ասել, որ խաղաղութեան օրակարգն ամենեւին էլ պարտութեան օրակարգ չէ: Խաղաղութեան օրակարգը պատերազմի արհաւիրքը եւ պատերազմին յաջորդած դժուարութիւնները յաղթահարելու, ժողովրդի անվտանգութիւնը, իրաւունքները, ապագան երաշխաւորելու օրակարգ է: Շատ դժուար աշխատանքի արդիւնքում պէտք է այսօր արձանագրեմ, որ տեսնում եմ այն ճանապարհը, ընդ որում՝ տեսնում եմ այն քայլերի յաջորդականութիւնը, որոնք մեզ պէտք է յանգեցնեն այն հանգրուանին, որի մասին մենք անընդհատ խօսում ենք, քննարկում ենք եւ որի մասին բարձրաձայնել ենք: Այն է՝ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան ժողովրդի անվտանգութեան եւ իրաւունքների երաշխաւորումը, եւ, ինչպէս նախկինում ասել եմ, շատ կարեւոր սկզբունք կայ, որ Արցախցին ապրի Արցախում, իրեն համարի Արցախցի եւ Հայ: Ա՛յս է այն օրակարգը, որ մենք համատեղ պէտք է առաջ մղենք”: