Գրող, հրապարակախօս, արձակագիր, բանաստեղծ, թատերագիր, թարգմանիչ Դերենիկ Դեմիրճեանի ծննդեան 145-ամեակին առիթով կազմակերպուած գիտաժողովին մասնագէտները զեկոյցներով անդրադարձած են հեղինակին ազգային, հասարակական, քաղաքական, գրական գործունէութեան, բացայայտած են անոր անցած ճանապարհին վերաբերող նոր էջեր, ներկայացուցած են Դեմիրճեան մարդը եւ անոր` այլ մեծերու գործերուն վերլուծութիւնները:
Դերենիկ Դեմիրճեանի տուն-թանգարանին կողմէ կազմակերպուած գիտաժողովը տեղի ունեցած է Մարտ 25-ին, «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ:
Դ. Դեմիրճեանի տուն-թանգարանի տնօրէնուհի Կարինէ Ռաֆայէլեան նշած է, թէ տարուան ընթացքին հեղինակին ժառանգութիւնը պիտի ներկայացուի զանազան ձեռնարկներով, որոնց ընթացքին պիտի անդրադառնան` Դեմիրճեան գրողին, դեմիրճեանական թատրոնին, հասարակական, քաղաքական գործունէութեան, մարդկային նկարագրին, ընտանեկան, միջ-գրական կապերուն:
Անդրադառնալով Դեմիրճեանի անտիպ գործերուն` Ռաֆայէլեան տեղեկացուցած է, որ գրողին արխիւէն միշտ կը գտնեն անտիպ գործեր: Վերջին անգամ «Դատողութիւններ Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի հարցի շուրջ» աշխատութիւնը գտած եւ հրատարակած են. հիմա կը մտածեն լոյս ընծայել «Յովնան մեծատուն» թատերախաղը, որ Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներու վկայութիւններու հիման վրայ ստեղծուած բացառիկ նիւթով թատերգութիւն մըն է եւ պիտի բեմադրուի «Վարդանանց ասպետներ» դպրոցի թատերական խումբին ջանքերով:
Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան իր կարգին շեշտած է, որ Դերենիկ Դեմիրճեան հայ գրականութեան, պատմութեան ամէնէն մեծ վարպետներէն է: “Ո՛չ միայն պատմավէպերը, որոնք ժողովուրդը շատ լաւ գիտէ ու կը սիրէ, այլեւ կատակերգութիւնները, էսսէները հիասքանչ են: Դեմիրճեանի «Քաջ Նազարը» համաշխարհային գլուխ-գործոց է, ինչպէս նաեւ միջազգային գրականութեան հրաշալի գոհար: Երբեմն Դերենիկ Դեմիրճեանի աշխարհը միայն «Վարդանանք» պատմավէպով կը պատկերացնեն, բայց անոր կատակերգութիւնը եզակի է: Մենք այսպիսի գրականութիւն քիչ ունինք, որովհետեւ կարկինը միշտ սեւեռած ենք պատմութեան ցաւերուն, կռիւներուն, որոնք հիմնականօրէն արտայայտուած են մեր գրականութեան մէջ”,– յայտնած է Միլիտոնեան: