Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԵՐԵՒԱՆ – Գրական ցերեկոյթ՝ նուիրուած հայ անուանի գրող Վահագն Դաւթեանի ծննդեան 100-ամեակին

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, Երեւանի Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանին մէջ Դեկտեմբեր 16-ին տեղի ունեցած է գրական ցերեկոյթ՝ նուիրուած հայ անուանի գրող Վահագն Դաւթեանի ծննդեան 100-ամեակին։

Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցած է նաեւ Համազգայինի կողմէ գրողի 100-ամեակին առիթով լոյս տեսած, խորհրդանշական 100 բանաստեղծութիւններու ժողովածուին շնորհահանդէսը։ Գիրքը կազմած է նշանաւոր արուեստագէտ Սիլվա Եուզբաշեան, խմբագիրն է բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեան։

Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեանի բացման խօսքէն ետք, ներկաները ունկնդրած են Սիլվա Եուզբաշեանի հրաշալի ասմունքը։

Ելոյթներով հանդէս եկած են Հայաստանի Գրողներու միութեան քարտուղար Պետրոս Դեմիրճեան, Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանի տնօրէնուհի Անժելա Խորէնեան, գրականագէտ Սուրէն Դանիէլեան, գիրքին խմբագիր, բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեան, գրականագէտ, «Արմաւ» հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր Արմէն Ավանէսեան։

Փակման խօսքը արտասանած է Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէնուհի Ռուզան Առաքելեան։

Ցերեկոյթին հնչած են Վահագն Դաւթեանի բանաստեղծութիւններէն երգերու վերածուած հատուածներ։

Համազգայինի Երեւանի գրասենեակ