Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԵՐԵՒԱՆ – Ուխտերթ՝ Հոգեգալստեան տօնի նախօրեակին

Հոգեգալստեան տօնի նախօրեակին՝ Մայիս 27-ին, Երեւանի մէջ ուխտերթ կազմակերպուած է՝ դարձի ու ապաշխարութեան խորհուրդով:

Հարիւրաւոր հաւատացեալներու մասնակցութեամբ, ուխտերթը ծայր առած է Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ բակէն դէպի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարը։ 

Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ, հաւատացեալներուն համար նոյն օրը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի տարուած է Տիրոջ Խաչափայտի Մասունքը եւ կատարուած է մասնաւոր աղօթք՝ յանուն Հայաստանի եւ Արցախի խաղաղութեան: