Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԵՐԵՒԱՆ. Տեղի ունեցած է Ասիլվայի ցուցահանդէսին բացումը

Ապրիլ 2-ին, «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է ֆրանսահայ նկարչուհի Ասիլվայի «Էրեբունի. Ասիլվա» խորագրով ցուցահանդէսին բացման արարողութիւնը: Իր նկարներուն մէջ Ասիլվա կը շօշափէ Վանի թագաւորութեան ժամանակաշրջանի պատկերագրութեան նիւթը, ընդգծելով յատկապէս Էրեբունի եւ Կարմիր բլուր հնավայրերը: Ցուցադրութեան ներկայացուած  նկարներու վաճառքէն գոյացած հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին վիրաւորուած զինուորներու բուժման նպատակին:

Ձեռնարկին ներկայ եղած են Երեւանի աւագանիի Մշակոյթի, կրթութեան եւ ընկերային հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Հայկ Միրզոյեան, բազմաթիւ արուեստագէտներ եւ  Ասիլվայի արուեստին սիրահարներ: