ԵՐԵՒԱՆ – Փաշինեան եւ Օվերչուք քննարկած են Հայաստան-Ռուսաստան երկկողմ օրակարգին վերաբերող հարցեր

Օգոստոս 20-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցած է Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսեյ Օվերչուքի հետ։

Կողմերը քննարկած են Հայաստան-Ռուսաստան երկկողմ օրակարգին վերաբերող հարցեր։ Անոնք անդրադարձած են առեւտրական շրջանառութեան ծաւալները աւելցնելու եւ միասնական ծրագրեր իրագործելու առնչուող նիւթերու։

Այս հան­դի­պու­մը կը հան­դի­սանայ Երե­ւանի եւ Մոս­կո­ւայի մի­ջեւ երկխօ­սու­թեան յա­ջոր­դա­կան քայլ մը, մինչ Հա­յաս­տան կը փոր­ձէ հաստատել թէ՛ տա­րածաշրջա­նային թէ՛ ալ մի­ջազ­գա­յին նոր գոր­ծընկե­րու­թիւններ։