«Հ. Յովնանեան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Կորիւն Խաչատուրեան եւ Սփիւռքի գրասենեակի յանձնակատար Զարեհ Սինանեան
Յուլիս 27-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Սփիւռքի գործոց յանձնակատարի գրասենեակի Հայրենադարձութեան եւ համարկումի առաջին կեդրոնի բացման պաշտօնական արարողութիւնը: Ներկայ եղած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, նախարարներ, երեսփոխաններ եւ աւելի քան 80 հրաւիրեալներ:
Նորաբաց կեդրոնը կ՚աջակցի հայրենադարձներուն՝ հայրենիք փոխադրութեան առնչուող բոլոր հարցերուն մէջ, նպատակ ունենալով խթանել հայրենադարձութիւնը, աջակցիլ հայրենադարձներու արդիւնաւէտ համարկման հոլովոյթին, զանոնք ներգրաւելով Հայաստանի հասարակական-քաղաքական, մշակութային ու ընկերային-տնտեսական կեանքին: Այնտեղ կ՚առաջարկուին հայերէնի անվճար դասընթացքներ, համարկումի եւ իրազեկման սեմինարներ, առցանց եւ ոչ-առցանց զանազան ձեռնարկներ, տեղեկատուական, կապերու հաստատման եւ պատկան գործատուներու հետ շփումներ եւ այլն։
Կեդրոնը ստեղծուած է Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ՝ «Հ. Յովնանեան» եւ «Repat Armenia» հիմնադրամներուն հետ համագործակցութեամբ։