Յուլիս 21-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է բողոքի երթ՝ յաջակցութիւն Արցախի։
«Մենք Արցախն ենք», «Փրկէք Արցախը», «Բացէք կեանքի ճանապարհը» կարգախօսերով բողոքի ցոյց կազմակերպուած է՝ յաջակցութիւն պաշարուած Արցախի։
Քաղաքացիները «Միացում» վանկարկելով ամբողջ աշխարհի Հայութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան կոչ ըրած են վերջ տալու անտարբերութեան եւ ճնշում գործադրելու Ազերպայճանի վրայ։