Դեկտեմբեր 22-ին, Երևանի աւագանիի արտակարգ նիստին, անվստահութեան քուէով պաշտօնէն հեռացուած է քաղաքապետ Հայկ Մարութեան։ Նոր քաղաքապետ ընտրուած է Հրաչեայ Սարգսեան։ Վերջինիս ի նպաստ քուէրակութեան մասնակցած աւագանիի 57 անդամներէն թեր քուէրակած է 44 հոգի, դէմ՝ 10 անդամ, 3 քուէաթերթիկ ալ անվաւեր նկատուած է։
Նշենք, թէ Մարութեանին անվստահութիւն յայտնելու գործընթացին ձեռնարկած էր աւագանիի իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը։ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք խոր վիհեր յառաջացած էին Մարութեանի եւ Փաշինեանի միջեւ։ Մարութեան, որ Թաւշեայ յեղափոխութեան օրերուն գլխաւոր աջակիցներէն էր Փաշինեանի, պատերազմին յաջորդած խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններուն կտրականապէս մերժած էր զօրակցիլ անոր։