Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԵՐԿՈՒ ԴՐՈՒԱԳ ՎԵՆԵՏԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔԷՆ

Նօթագրութեան տետրակը, որու մէջ գրուած է ցայսօր անյայտ Հ. Վահանի երգը՝ «Աղօթք ի սիրտս»։

Հ. Վահան Յովհաննէսեանի ցայսօր անյայտ երգի մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի մէջ

Հայուհիներ կը մասնակցին վենետիկեան ոճի թիավարութեան մրցավազքի

Կիրակի, Յու­­նի­­­ս 22-ին, Մխի­­թարեան միաբա­­նու­­թեան Սուրբ Ղա­­զար մայ­­րա­­­վան­­քին մէջ սարքուեցաւ հա­­մերգ մը ի յի­­շատակ Մու­­րատ-Ռա­­փայէ­­լեան վար­­ժա­­­րանի վար­­դա­­­պետաց, ու­­սուցչաց եւ սա­­նաց, որու ըն­­թացքին առա­­ջին ան­­գա­­­մ ըլլալով մեկ­­նա­­­բանուեցաւ Հ. Վա­­հան Յովհաննէսեանի ցայժմ ան­­յայտ մէկ բա­­նաս­­տեղծու­­թիւնը, որու երաժշտու­­թիւնը գրած է իտա­­լացի Ճա­­գոմօ Սա­­ւինի։

Հ. Վահան Յովհաննէսեանի տետրակը

Հ. Գէորգ Սարգսեան, Մխի­­թար­եան վար­­դա­­­պետ, անակնկալ կեր­­պով յայտնա­­բերած է երաժշտա­­կան նօթագ­­րութեան տետ­­րա­­­կը, որու մէջ գրուած էր Հ. Վա­­հանի իտա­­լերէն բա­­նաս­­տեղծու­­թիւնը՝ «Աղօթք ի սիրտս» (բնա­­գիրը՝ “Preghiera per i cuori”)։ Տա­­ղան­­դա­­­ւոր դաշ­­նա­­­կահա­­րու­­հի Զո­­յա Թուխմա­­նովա­­յի եւ սոփրա­­­նօ Մա­­րիա Գլա­­րա Մայցէ­­քիի եր­­անա­­­շունչ ձայ­­նով հրամ­­ցուած բա­­նաս­­տեղծու­­թեան գրու­­թեան հան­­գա­­­մանքնե­­րը նոյնպէս հե­­տաքրքրա­­կան են. Հ. Վա­­հան այս աղօթ­­քը գրած է Քե­­նիոյ ճամ­­բա­­­րի մը մէջ 1946-ին։ Ան, 1937-ին միաբա­­նական որո­­շու­­մով տե­­ղափո­­խուած էր Եթով­­պիոյ մայ­­րա­­­քաղաք Ատիս-Ապե­­պա, կը ծա­­ռայէր իբ­­րեւ իտա­­լական բա­­նակի գնդե­­րէց՝ երբ Մեծն Բրի­­տանիա կը գրա­­ւէ քա­­ղաքը ու զինք կը գե­­րեվա­­րեն իտա­­լացի զի­­նուոր­­նե­­­րու շար­­քին, որոնցմէ էր նաեւ իր բա­­նաս­­տեղծու­­թեան երաժշտու­­թեան հե­­ղինակ Սա­­ւինին։ Մին­­չեւ 1947, Հայր Վա­­հան գե­­րի կը մնայ Քե­­նիոյ եւ Ու­­կանտա­­յի մէջ։

Դաշնակահարուհի Զոյա Թուխմանովա եւ սոփրանօ Մարիա Գլարա Մայցէքի «Աղօթք ի սիրտս» երգի մեկնաբանութեան ընթացքին

Հա­­մեր­­գին դրդա­­պատ­­ճա­­­ռը եղած էր Մու­­րատ-Ռա­­փայէ­­լեան վար­­ժա­­­րանի նախ­­կին սան՝ սրտա­­բան Յա­­կոբ Այնթապ­­լեանի առա­­ջար­­կը հա­­մախմբե­­լու սա­­ներ Մայ­­րա­­­վան­­քին մէջ։ Ճոխ յայ­­տագրին մեծ մա­­սը մեկ­­նա­­­բանե­­ցին Մար­­թելլա­­կօ քա­­ղաքի «Ճ. Սի­­նոփո­­լի» երաժշտու­­թեան դպրո­­ցի ան­­դամներ, որոնք նուագե­­ցին Շու­­մա­­­նի, Շո­­փէնի եւ այլ երա­­ժիշտնե­­րու կտոր­­ներ։ Սի­­նոփո­­լի դպրո­­ցի երգչա­­խումբը նաեւ իտա­­լացի եւ ու­­րիշ օտար հե­­ղինակ­­նե­­­րու ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւննե­­րով ալ հան­­դէս եկաւ։ Հա­­մեր­­գը, որ տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ վան­­քի պատ­­մա­­­կան գրա­­դարա­­նին մէջ, սկսաւ Մու­­րատ-Ռա­­փայէ­­լեան վար­­ժա­­­րանի քայ­­լերգով։ Երե­­կոյթը փա­­կեց Թուխմա­­նովա եր­­գե­­­հոնի վրայ նուագե­­լով Յա­­րու­­թիւն Սի­­նանեանի «Քայ­­լերգ Մխի­­թարայ»-ն (Marche Méchitar)։

Յակոբ Այնթապլեան կ՚արտասանէ իր սրտի խօսքը

Հ. Գէորգ Սարգսեան

Պրն Այնթապ­­լեան ալ հա­­կիրճ պատ­­գա­­­մով իր սրտի խօս­­քը արտասանեց, յի­­շատա­­կելով իրեն ու­­սուցիչ եղած Հ. Վա­­հանն ու Հ. Եղիա Փե­­չիկեանը եւ անոնց ազ­­գա­­­նուէր վե­­հանձնու­­թիւնը՝ հա­­րազատ Մխի­­թարեան ոգիին։

Թիավա­­րու­­թեան մրցա­­վազք

Նոյն օրը, վար­­պետ հա­­յու­­հի թիավար­­ներ Ար­­սի­­­նէ Նա­­զարեան եւ Շո­­ղիկ Պաղ­­տա­­­սարեան ներ­­կա­­­յացու­­ցին Հա­­յաս­­տանը, քա­­ղաքիս Քուէրի­­նի Թիավա­­րու­­թեան Ըն­­կե­­­րակ­­ցութեան կազ­­մա­­­կեր­­պած վե­­նետի­­կեան ոճի կնո­­ջական յոտնկայս թիավա­­րու­­թեան մի­­ջազ­­գա­­­յին մրցա­­վազքին, որուն մաս­­նակցե­­ցան Աւստրա­­լիոյ, Գեր­­մա­­­նիոյ, Ռու­­սաստանի եւ Ֆրան­­սա­­­յի դրօ­­շակա­­կիր զոյ­­գեր՝ յա­­տուկ պաղ­­լե­­­ղածի­­նէ (ալիւ­­մի­­­նիոմէ) նա­­ւակ­­նե­­­րով։

Ար­­սի­­­նէ Նա­­զարեան իտա­­լահայ արուես­­տա­­­գէտ է, իսկ հա­­յրենա­­ծին, այժմ վե­­նետաբ­­նակ Շո­­ղիկ Պաղ­­տա­­­սարեան՝ լե­­զուա­­գէտ եւ ու­­ղե­­­ցոյց։

Շողիկ Պաղտասարեան (ձախին) եւ Արսինէ Նազարեան

Հայ թիավարները մրցավազքին կը մասնակցին

Մրցավազքին մասնակից թիավարներու խմբանկար

* * *

Վե­­նետիկ քա­­ղաքի հա­­յու­­թիւնը շատ սա­­կաւ է թիւով՝ հա­­զիւ թէ առաւելագոյնը քսան ան­­հա­­­տէ բաղ­­կա­­­ցած ըլ­­լայ, եթէ բա­­ցառենք ան­­շուշտ Սուրբ Ղա­­զարի վա­­նահայ­­րե­­­րը եւ կղզեաքա­­ղաքի պատ­­մա­­­կան սահ­­մաննե­­րէն անդին՝ ցա­­մաքա­­յին արուար­­ձաննե­­րու իտա­­լահա­­յու­­թիւնը կամ վեր­­ջին տաս­­նա­­­մեակ­­նե­­­րուն հաս­­տա­­­տուած հայ գաղ­­թա­­­կան­­ները՝ գլխա­­ւորա­­բար Հա­­յաս­­տա­­­նէն ու Մի­­ջին Արե­­ւել­­քէն։ 

Այ­­սուհան­­դերձ, Մխի­­թարեան միաբա­­նու­­թիւնը իր ար­­ձա­­­կած հո­­գեկան ու մշա­­կու­­թա­­­յին լոյ­­սով այդ փոքր զան­­գուածին ալ կեան­­ք ու եռանդ կը հաղորդէ, քա­­նի որ այդ հա­­յակերտ ու հա­­յաշունչ փոքր հայ­­րե­­­նի հա­­տուա­­ծը ան­­խուսա­­փելիօրէն իր ձգո­­ղական ուժով կը ներ­­քա­­­շէ հայ­­րե­­­նակից­­նե­­­րը ո՛չ միայն Վե­­նետի­­կի ու Վե­­նետի շրջա­­նի, այլ նաեւ բովանդակ Իտա­­լիոյ, որոնք այ­­լա­­­պէս լու­­սանցքա­­յին դե­­րակա­­տարու­­թիւն ու­­նին Հա­­յոց աշ­­խարհին (աշ­­խարհաբա­­­րի ըմբռնու­­մով՝ ոչ գրա­­բարեան «եր­­կիր» առու­­մով) մէջ, մա­­նաւանդ եթէ բաղ­­դա­­­տենք Կ. Պոլ­­սոյ եւ Մի­­ջին Արե­­ւել­­քի, Ֆրան­­սա­­­յի, կամ Միացեալ Նա­­հանգնե­­րու աւան­­դա­­­կան եւ հա­­յահոծ գա­­ղութնե­րուն հետ։

Ա. Հ. ■