Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Երուսաղէմի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին նուիրուած բողոք-երթ

Երուսաղէմի մէջ Ապրիլ 20-ին տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին նուիրուած բողոք-երթ մը: Այս մասին յայտնած է Երուսաղեմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Կորիւն վարդապետ Բաղդասարեան՝ հրապարակելով երթէն լուսանկարներ:

Երթի մասնակիցները Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբեանց մայր տաճարէն ճամբայ ելած են դէպի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր կատարուած է  Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու բարեխօսութեան կարգ: Այնուհետեւ երթի մասնակիցները, որոնք քայլերթին մասնակցած են «Մենք կը քալենք՝ յանուն արդարութեան» գրութեամբ պաստառով եւ հայկական եռագոյն դրօշներով, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն մեկնած են դէպի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան, ուր տեղի ունեցած է  մոմավառութիւն:

Ապրիլ 24-ին կը նախատեսուի  բողոքի ցոյց կազմակերպել Երուսաղէմի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին դիմացը: նոյն օրը երեկոյեան ոգեկոչման ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ Ժառանգաւորաց վարժարանի տարածքին մէջ: