Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Եւրոպական խորհրդարանի նիստին՝ երբ երեսփոխան Պելամի կոչ ըրած է պատիժներ սահմանելու Ազերպայճանի դէմ՝ Պորէլ հանած է ականջակալներն ու լռած

Յունիս 13-ին կայացած Եւրոպական խորհրդարանի քննարկման ընթցաքին երբ երեսփոխան Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի կոչ ըրած է պատիժներ սահմանելու Ազերպայճանի դէմ՝ վերջինիս Արցախի ժողովուրդին դէմ գործած յանցանքներուն պատճառով, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Խոսէփ Պորէլ հանած է ականջակալներն ու լռած։

*  *  *

«ՆՅ» – Պորէլ կը յամառի ու կը մերժէ ՏԵՍՆԵԼ ճշմարտութիւնները։ Կը մերժէ նաեւ ԸՍԵԼ ճշմարտութիւնները։ Ու այս կեցուածքով ալ կը մերժէ ԼՍԵ՛Լ ճշմարտութիւնները։ Այլ խօսքով, ան, ներկայիս իր այս քայլով լրացուցած է «կապիկներու երրորդութիւն»-ը՝ «Չեմ տեսներ։ Չեմ խօսիր։ Չեմ լսեր»։