Նոյեմբեր 5-ին, Հայաստան կատարած իր այցելութեան ընթացքին, Եւրոպական յանձնաժողովի Գաղթի եւ ներքին գործերու գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Եոհաննէս Լուխներ, Արտօնագրերու (visas) ազատականացման շուրջ երկխօսութեան հարցերու հայկական կողմի բարձրաստիճան պաշտօնատար, Հայաստանի Ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեանին յանձնած է ՀՀ—ԵՄ արտօնագրերու ազատականացման գործողութիւններու ծրագիրը։
Յանձնումի արարողութիւնը տեղի ունեցած է փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի ներկայութեամբ։
Արփինէ Սարգսեան ստանալով փաստաթուղթը՝ նշած է, որ ան Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան գործընկերութեան կարեւոր հանգրուան մըն է եւ արդէն արժանացած է հանրային լայն ուշադրութեան ու ստեղծած՝ ակնկալութիւններ։