Դեռ երէկ էր՝ 20-րդ դարու աւարտին, 21-րդ դարու շեմին երբ բոլորը, բոլո՛րս, կը կարծէինք, կամ կ՚ուզէինք հաւատալ որ նոր դարը պիտի ըլլայ հետզհետէ քաղաքակրթութեան, համերաշխութեան դար։ Բայց ահաւասիկ մեր առջեւ ցցուեցաւ ճիշդ հակառակ պատկերը, ոչ միայն ազգիս, այլեւհամայնաշխարհինհամար։
Կը կարծուէր, որ նոյն դարուն մէջ ապրուած համաշխարհային իրերայաջորդ երկու արհաւիրք՝ Ա. եւ Բ. պատերազմները բաւարար դաս եղած են մարդ արարածին, որ այդուհետեւ պիտի փորձէ վանել նման փորձանքներու առաջնորդող ամէն վարք։
Բայց, դժբախտաբար պատահած է ճիշդ հակառակը եւ ահա պարբերաբար կը խօսուի Համաշխարհային Գ. Պատերազմիմասին։
Այս պայմաններուն մէջ, Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլ հանդէս եկած է իր երկրին մէջ պարտադիր զօրակոչի անյապաղ վերականգնման ի նպաստ։
«Funke»-ին տուած հարցազրոյցին՝ ան նախ եւ առաջ յիշեցուցած է, որ այս հարցին մասին արդէն բազմիցս խօսած է։ “Սակայն մենք ստիպուած ենք այս հարցը քննարկել միասնաբար, համակեցութեան կառավարութեան շրջանակին մէջ։ Կառավարութիւնը ըրաւ առաջարկներ, այժմ խմբակցութիւնները պէտք է բանակցութիւններ վարեն եւ որոշեն, թէ ի՞նչ տեսք կ՚ունենայ այս մասին օրէնքը։ Անշուշտ, պէտք է նկատի առնուին բոլոր հանգամանքները”,– ըսած է ան։
Գերմանիոյ խորհրդարանը՝ Պունտեսթակը երկրին զինուորական ծառայութեան նոր նախատիպի մասին օրինագծի քննարկումը կը սկսի գալ շաբաթ։ Գերմանիյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը ձգտի իր բանակին ծառայողներուն թիւը հասցնել 260 հազարի, իսկ պահեստազօրինը՝ 200 հազարի։
Օգոստոսի 27-ին Գերմանիոյ կառավարութիւնը ընդունած էր Պաշտպանութեան նախարար Պորիս Փիսթորիուսի օրինագիծը զինուորական ծառայութեան նոր նախատիպի մասին: Ան կ՚ենթադրէ կամաւոր զինուորական ծառայութիւն շուէտական նախատիպով: Սկանտինաւեան երկրին մէջ դպրոցներու բոլոր շրջանաւարտները ենթակայ են զինուորական զննութեան, բայց աւարտին՝ անոնցմէ միայն մէկ մասը կը զինուորագրուի: Բայց եւ այնպէս, գերմանական օրինագիծը չի բացառեր նաեւ վերադարձը ընդհանուր զինապարտութեան:
Գերմանիոյ մէջ պարտադիր զօրակոչի դրութիւնը վերցուած էր 2011 Յուլիսին եւ կատարուած էր անցում արհեստավարժ բանակի: